ԵՐԵՒԱՆ. «Ռատիօլուր».- Պատգամաւորներէն շատերը վերջին օրերուն սկսած են պնդել, թէ հաւանական է, որ Ապրիլ 1ին «7ի գործ»ով դատավարութեան համար դատարան գայ դատախազը եւ փոխէ կալանաւորներուն մեղադրանքը, իբրեւ արդիւնք Քրէական օրէնսգիրքին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն: Յիշեցնենք, որ նոյն պահանջով դիմում ներկայացուցած էին ազատազրկման մէջ գտնուող պատգամաւորներ Միասնիկ Մալխասեան, Սասուն Միքայէլեան եւ Յակոբ Յակոբեան:
Ուրբաթ օրէն սկսեալ, Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներ տեղի ունեցած են անձեռնմխելիութենէ զրկուած պատգամաւորներու խնդիրին շուրջ: Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան պատգամաւորներուն հետ: Ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեան դրական գնահատած է հանդիպումը՝ նշելով, որ ԱԺի նախագահն ալ պատգամաւորներու ազատ արձակման կողմնակից է, եւ թէ ան Ուրբաթ օր հանդիպում պիտի ունենար գլխաւոր դատախազին հետ՝ հետագայ քայլերը ճշդելու համար:
Միւս կողմէ, Օրինաց Երկիր կուսակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան հաղորդած է, որ իր խմբակցութիւնը տեղեակ չէր նշեալ հանդիպման մասին:
Յովիկ Աբրահամեանի հետ Մարտ 3ին զրոյց ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ, ԱԺի պատգամաւոր Ռազմիկ Զոհրաբեանի հետ. ընթացքին արծարծուած է նաեւ օրէնքի նոր փոփոխութիւններու լոյսին տակ՝ անձեռնմխելիութենէ զրկուած պատգամաւորներուն հարցը: Այդ ուղղութեամբ, Զոհրաբեան առաջարկած է չեղեալ համարել պատգամաւորներուն ներկայացուած մեղադրանքը, յոյս յայտնելով, որ Ապրիլ 1ին ճշդուած դատական նիստին, «Դատախազը կը գայ դատարան եւ գուցէ մեղադրանքը հանի», աւելցուցած է Զոհրաբեան: