ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը Հինգշաբթի, Մարտ 12ին հազուադէպ քննադատութիւն մը կատարեց Իսրայէլի վրայ Կազայէն կատարուող յարձակումներուն հասցէին, յայտնելով, որ ներկայ պայմաններուն տակ նման հրթիռարձակումներ նպաստաւոր չեն:
Այս քննադատութիւնը կը կատարուի այն միջոցին, երբ «Համաս» կը փորձէ Իսրայէլի հետ երկարատեւ զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւն մը գոյացնել եւ «Ֆաթհ» շարժումին հետ հաշտութեան բանակցութիւններ կը վարէ։