ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցով Ուաշինկթըն գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Մայիս 5ին, ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրիի Քլինթընի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր բնագաւառներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը, նաեւ տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Երկու նախարարները անդրադարձած են Մայիսին Երեւանի մէջ կայանալիք հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին, ինչպէս նաեւ քննարկած են տարածաշրջանային ու միջազգային շարք մը խնդիրներ:
Երկու նախարարները քննարկած են նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Քլինթըն «պատմական» որակած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու՝ Ապրիլ 22ի յայտարարութիւնը: Ան վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը՝ շարունակելու ամէն տեսակի օժանդակութեան ցուցաբերում հայ-թրքական յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման ուղղութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին, երկու նախարարները քննարկած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մօտալուտ հանդիպման (այսօր): Քլինթըն ընդգծած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, պիտի շարունակէ իր ամբողջական օժանդակութիւնը՝ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ համաձայնութիւններու ձեռքբերման եւ հիմնախնդիրի հանգուցալուծման գծով:
Է. Նալբանդեան նաեւ Քլինթընին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքն ու այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Ապա ան Քլինթընը հրաւիրած է Հայաստան այցելելու:
Նոյն օրը՝ Մայիս 5ին, Նալբանդեան Սպիտակ տան մէջ հանդիպած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական, զօրավար Ճէյմս Ճոնզի հետ եւ ընթացքին շօշափուած են նոյն հարցերը:
Նալբանդեան Ուաշինկթընի մէջ նաեւ հանդիպած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի հետ: Նախարարը քոնկրէսականին ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները:
Նախօրեակին՝ Մայիս 4ին, Նալբանդեան այցելած էր ԱՄՆ Քոնկրէսը, ուր հանդիպում ունեցած էր Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոնի, Մարք Քըրքի եւ խումբի անդամներ՝ քոնկրէսականներ Աննա Էշուի, Սթիւ Ռոտմընի եւ Սքաթ Քերեթի հետ:
Քոնկրէսականներուն խնդրանքով, Նալբանդեան ներկայացուցած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները եւ այդ ոլորտէն ներս, հարեւան պետութիւններուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերը:
Է. Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Տանիէլ Ֆրիտի հետ:
Մայիս 5ին Նալբանդեան մեկնած է Փրակա, ուր իբրեւ Հայաստանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմի անդամ, պիտի մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին: