ՓՐԱԿԱ.- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, երէկ՝ Հինգշաբթի, 7 Մայիսին, Փրակայի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Չեխիոյ մօտ դեսպանի բնակարանին մէջ վարած են բանակցութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք, անոնք յանձնարարած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն շարունակել բանակցութեանց աշխատանքները՝ Մատրիտեան սկսզբունքներուն հիման վրայ:
Երկու նախագահներու հանդիպումը նախ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ: Երկու նախագահները, ապա, երկու ժամ շարունակած են բանակցութիւնները՝ առանձին:
Հայաստանի նախագահի կայքէջին վրայ զետեղուած լրատուութեան համաձայն, «Հայկական կողմը պրահեան (Փրակայի-Խմբ.) հանդիպումը գնահատել է օգտակար, ինչը հնարաւորութիւն է տուել կողմերին՝ առաւել յստակեցնելու մօտեցումները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հիմնական սկզբունքների շուրջ, ինչպէս նաեւ մօտեցնելու դիրքորոշումները որոշ կէտերի ուղղութեամբ: Երկու երկրների արտաքին գործերի նախարարներին յանձնարարուել է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների հետ միասին «մադրիդեան առաջարկութիւնների» հիման վրայ շարունակել աշխատանքները հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական սկզբունքների համաձայնեցման ուղղութեամբ եւ նախապատրաստել երկու երկրների նախագահների յաջորդ հանդիպումը»:
Երկու նախագահներու յաջորդ հանդիպումը կը նախատեսուի տեղի ունենալ յառաջիկայ Յունիսին, Ս. Փեթերզպուրկի մէջ:
«Ռատիօլուր» կը յայտնէ, որ համանախագահներու յետ-հանդիպման տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, հայ լրագրող մը հարց տուած է անոնց, թէ՝ «Արդեօ՞ք բանակցութիւններուն վէճի առարկայ դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի եւ Լաչինի միջանցքի հարցերը»: Հարցումին ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեաքով պատասխանած է. «Դուք՝ լրագրողներդ, աւելի տեղեկացուած էք»:
Սոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա յայտարարած է, թէ երկու նախագահները կարողացան հիմնական սկզբունքներու շուրջ իրենց տարակարծութիւնները նուազեցնել եւ ընդհանրապէս համաձայնեցան այն գլխաւոր գաղափարներուն շուրջ, որոնց մասին խօսելու համար եկած էին Փրակա:
«Առաջին անգամ ըլլալով նախագահները համաձայնութեան եկան այս երկար ժամանակէն ի վեր քննարկուած կէտերու վերաբերող հիմնական գաղափարներուն շուրջ», աւելցուցած է Պրայզա՝ մերժելով աւելի մանրամասնել իր խօսքը, կը յայտնէ թրքական «Զաման» թերթի թղթակիցը:
Ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի համաձայն, անկիւնադարձային համաձայնութիւն մը պատրաստուելու ընթացքի մէջ է, սակայն տակաւին ահագին գործ կայ այդտեղ հասնելու:
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» կայանը կը հաղորդէ, որ Պրայզա, պատասխանելով բանակցութեանց ընթացքին մասին լրագրողներու հարցումին՝ յայտնած է, որ՝ «Եթէ ծանօթ էք բարդ խնդիրներու շուրջ միջազգային բանակցութիւններուն, ապա պիտի հասկնաք, որ երբ երկու կողմերը կը ձգտին դադրեցնել պատերազմը, ոչ մէկ կողմ չ’ուզեր համաձայնիլ որեւէ հարցի շուրջ՝ քանի դեռ չեն համաձայնեցուած բոլոր հարցերը»: