ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Ամերիկայի քաղաքացի, գործարար Նազարէթ Յակոբ Պէրպէրեան Ապրիլ 25ին՝ ժամը 20:00ի սահմանները, դուրս եկած է իր Երեւանի տունէն (Ամիրեան 5 շէնք, բնակարան 3) ու չէ վերադարձած: Ոստիկանութենէն «Հետք»ին հաղորդեցին, թէ 58 տարեկան Ն. Յ. Պէրպէրեանի անհետացման մասին առայժմ յարուցուած է քրէական գործ՝ հաւանական սպանութեան կասկածով, բայց տակաւին որեւէ նորութիւններ չկան, ոչ ալ սպանութեան փաստ, պարզապէս նման պարագաներուն օրէնքի բերումով «Սպանութիւն» յօդուածը կ՛առնուի իբրեւ հիմք՝ դատարանային գործ յարուցելու եւ հետաքննութիւն կատարելու համար:
«Հետք» հանդէսի տարածած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, աւելի ուշ Նազարէթ Յակոբ Պէրպէրեանի «Թոյոթա» ինքնաշարժը յայտնաբերուած է «Զուարթնոց» օդակայանի տարածքին, սակայն այս տեղեկութիւնը ոստիկանութեան կողմէ ոչ հերքուած, ոչ ալ հաստատուած է:
Նազարէթ Յակոբ Պէրպէրեանի կինը, որդին եւ միւս հարազատները կ՛պրին Միացեալ Նահանգներ եւ կը վարեն իրենց սեփական «Լինար» ընկերութիւնը, որ ստանձնած է Երեւանի Աբովեան-Փուշկին փողոցներու խաչմերուկին վրայ կառուցուող հիւրանոցի շինարարութիւնը: Բացի ատկէ, Պէրպէրեան Արարատի մարզի Դալար գիւղին մէջ ունի գորգի գործարան:
Ամերիկահայ գործարարի ծանօթներուն եւ հարազատներուն վկայութեամբ, ան թշնամիներ չունէր եւ Հայաստանի մէջ իր ձեռնարկած աշխատանքներուն ընթացքին խոչընդոտներ չէ ունեցած: