ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան համացանցային պատկերասփռային ալիքի ստեղծման հնարաւորութիւնները քննարկման նիւթ դարձած է սփիւռքի նախարարութեան Տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Տիգրան Յարութիւնեանի եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հիւսիսային Ֆրանսայի մասնաճիւղի խորհուրդի անդամ Աստղիկ Չոլաքեանի հանդիպման ընթացքին:
Նոր ալիքի ստեղծման ծրագիրը Աստղիկ Չոլաքեանի կողմէ ներկայացուած էր սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ Ֆրանսա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին: