ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը յայտնած է, թէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Մայիս 7ին այցելած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարան, ուր հանդիպում ունեցած է տնօրէն Արտուշ Ղուկասեանի, դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան հետ:
Հանդիպման ընթացքին տնօրէնը զեկուցած է, թէ համալսարանի գործունէութեան ծիրէն ներս, եկեղեցականներու մասնակցութեամբ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան քննարկումներ զանազան թեմաներու մասին, եւ կը կազմակերպուին ուխտագնացութիւններ, որոնք կը նպաստեն երիտասարդներուն մէջ ազգային նկարագրի պահպանման գործին:
Իր հայրապետական օրհնութիւնը ներկաներուն փոխանցելէ ետք, Ամենայն հայոց կաթողիկոսը վեր առած է մանկավարժի մասնագիտութեան դերը՝ մատաղ սերունդին ազգային ոգիով, առ Հայրենիք եւ եկեղեցի սիրով կրթելու եւ դաստիարակելու առաքելութեան մէջ:
Վեհափառը զգուշացուցած է ուսանողութիւնը, թէ բարի հունտերու կողքին յաճախ կը սերմանուին նաեւ ազգային կեանքին սպառնացող չար հունտեր, որոնց վերացման պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ նաեւ մանկավարժներու ուսերուն: