ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, անցեալ Ուրբաթ նախքան Փրակայէն մեկնիլը, լրագրողներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին հերքած է թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերագրուին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին, եւ ըստ որոնց, այս վերջինը Թուրքիոյ ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տէւլէթ Պահչէլիին փոխանցած է, թէ ինք կը ջանայ ղարաբաղեան խնդիրին շուրջ քառակողմ գագաթնաժողով մը իրականացնելու՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի, Ատրպէյճանի Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն:
«Ղարաբաղեան խնդրի շուրջ քառակողմ հանդիպման հարց օրակարգում չկայ», յայտարարած է Նալբանդեան՝ մեկնաբանելով թրքական լրատուամիջոցներու տարածած հերթական այս ապատեղեկատուութիւնը: