ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա «Էխօ Մոսկուա» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, անգամ մը եւս իր անտեղի յայտարարութեամբ լարուածութիւն ստեղծած է հայ-ատրպեճանական բանակցութեանց մէջ:
Անդրադառնալով Ղարաբաղի եւ անոր յարակից ազատագրուած շրջաններու հարցին՝ Պրայզան յայտնած է, որ՝ «Այդ շրջանները մեր բանակցութիւններուն կարեւոր մէկ մասը կը հանդիսանան: Իմ կարծիքով, ի վերջոյ տարածքները ետ պիտի վերադարձուին, իսկ ատրպէյճանցի փախստականներն ալ պիտի վերադառնան այդ շրջանները: Այս հանգրուանին չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ Ղարաբաղի ճակատագիրը: Մենք գիտենք, որ Ղարաբաղը նոր իրավիճակ պիտի ունենայ: Թէ ի՞նչ կարգավիճակ պիտի տրուի անոր՝ դժուար է ըսել, որովհետեւ այդ հարցին շուրջ բանակցութիւնները տակաւին ընթացքի մէջ են: Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղին եւ այլ տարածքներուն, ապա անոնք քայլ առ քայլ, աստիճանաբար պիտի վերադարձուին Ատրպէյճանին՝ փախստականներուն հետ միասին»:
Պրայզա ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ կը կարծէ, որ բեկում մը տեղի պիտի ունենայ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու Ս. Փեթերզպուրկի մէջ ունենալիք հանդիպման ընթացքին:
«Նախագահներուն մեծ աշխատանք կը սպասէ: Բայց, միւս կողմէ, անոնք քայլ առ քայլ առաջ կը շարժին: Հաւանաբար բեկումնային պահը աւարտին չեն կրցած հասցնել, բայց դրած են անոր հիմքը, եւ յոյսով եմ, որ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ նման բեկումնային պահ հնարաւոր կը դառնայ», յայտնած է Պրայզա:
Ամերիկացի միջնորդը ընդգծած է, որ հակամարտութեան վերջնական լուծումը պէտք է «հաւասարակշռուած» ըլլայ Հելսինքեան այն սկզբունքներու տեսանկիւնէն, որոնք կը վերաբերին «ինքնորոշման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ուժի չկիրառման»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան պատասխանելով Պրայզայի վերոնշեալ յայտարարութեան մասին այն հարցումին, թէ՝ «Յայտարարութիւններ են հնչում, որ Պրահայում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների հանդիպման ժամանակ քննարկուել է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներից զօրքերի դուրսբերման հարցը»՝ ան յայտնած է. «Պրահայում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների միջեւ կայացած հանդիպմանը տարածքներից դուրս գալու հարց ընդհանրապէս չի քննարկուել: Քննարկումները հիմնականում ընթացել են Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ, եւ դա բնական է, քանի որ դա արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման կենտրոնական հարցն է»:
Նշենք, որ Մաթեու Պրայզան ինք, երէկ, «Մեդիամաքս» գործակալութեանը տուած հարցազրոյցի մէջ հերքում մը կատարած է, ըսելով, որ ««Էխօ Մոսկուիին» տուած իմ հարցազրոյցի ձայնագրութիւնը, որ տեղադրուած է այդ ռադիօկայանի կայքի վրայ, կը հաստատէ, որ ես չեմ ըսած այն մասին, որ «Ղարաբաղը եւ այլ տարածքները» պիտի վերադարձուին Ատրպէյճանին: Ես ըսած եմ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի առաջարկներու համաձայն, «տարածքները» պիտի վերադարձուին Ատրպէյճանին, սակայն Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ստանայ նոր իրավիճակ, կամ կարգավիճակ մը, որու էութիւնը բանակցութիւններու առարկայ է»: