ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածին ծանօթացնելու համար Հայկական երեսփոխանական պլոքի թեկնածուներն ու ընտրական քաղաքականութիւնը, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ ընտրական-քարոզչական յանձնախումբին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ», «Ռուբէն», «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններուն, Ուրբաթ, 8 Մայիս 2009ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ Ժողովրդային հաւաք՝ ներկայութեամբ ընտրուած երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունիի եւ Արթիւր Նազարեանի, թեկնածուներ Կրեկուար Գալուստի եւ Վրէժ Սապունճեանի ու բազմահազար հայորդիներու, որոնք եռագոյններով եւ զինանշաններով կանուխ ժամերէն արդէն ներկայ գտնուած էին հաւաքին վայրը։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կազմակերպիչ կոմիտէութիւններուն անունով արաբերէնով ու հայերէնով արտասանեց Գօգօ Հաշէօլեան, որ ըսաւ, թէ Հայկական երեսփոխանական պլոքը լիբանանահայութեան հաւաքական կամքին արտայայտութիւնն է, աւելցնելով, որ այս ընտրութիւններուն մեկնակէտը 2000էն ի վեր խլուած լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութեան իրաւունքի ապահովումն է։
Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան, որ ըսաւ, թէ ընտրութեան մասնակցութիւնը քաղաքացիին թէ՛ իրաւունքն է, թէ՛ պարտաւորութիւնը, վերընտրելու կամ փոխելու համար իր ներկայացուցիչները՝ խորհրդարանի երեսփոխանները։ Ան շեշտեց, որ լիբանանահայութիւնը որեւէ այլ համայնքէ աւելի լաւ գիտէ արժէքը ազատութեան եւ անկախութեան, պետականութեան եւ անոր հաստատութիւններուն, անհատ քաղաքացիները պահպանող եւ պաշտպանող հայրենիքին։
Խօսելով 2000էն ի վեր լիբանանահայութեան դէմ կատարուած անիրաւութիւններուն մասին՝ Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքին պատկանող երկու երեսփոխանները անցնող տարիներուն ունեցան աւելի կշիռ, քան իրենց կրկնապատիկ թիւը ունեցող միւսները, որոնք կորսուեցան մեծամասնութիւն կոչուած անդէմ խաժամուժին մէջ։
Ճինպաշեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը, իր վայելած ժողովրդային նեցուկով, կրնայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը առանձին վերցնել, բայց կուսակցութիւնը կը նախընտրէ օրինական միակ ներկայացուցիչի իր իրաւունքէն զիջիլ եւ այդ իրաւունքին մասնակից դարձնել մնացեալ երկու հայկական կուսակցութիւնները, որոնք դժբախտաբար մերժեցին մասնակցութիւնը՝ տարբեր պայմանաւորուածութիւններ ունենալու պատճառով։
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրարշաւի առաջին հաւաքին վերջին պատգամը արաբերէնով ու հայերէնով փոխանցեց ընտրուած երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Ան ըսաւ, թէ անցեալին շատեր կասկածի տակ առին լիբանանահայութեան ծառայութիւններն ու պատկանելիութիւնը, բայց չկրցան խլել համայնքին ժողովրդային ներկայութիւնը։ Ան նշեց, որ նաեւ շատեր փորձեցին ժողովուրդը հեռացնել Դաշնակցութենէն, բայց չկրցան՝ աւելցնելով, որ համայնքին մէջ մարդիկ ոսկիներուն առջեւ ծունկի չեկան բացի անոնցմէ, որոնք իրենց հոգիները ծախած էին ուրիշներուն։
Լիբանանի նոր խորհրդարանի առաջին ընտրեալ երեսփոխանը հաստատեց, թէ լիբանանահայութիւնը պատերազմի օրերուն բարձր պահեց Լիբանանի դրօշը, երբ ուրիշներ զայն կ՛այրէին, ինչպէս նաեւ տուաւ բազմաթիւ նահատակներ, երբ մերժեց պատերազմն ու անարդարութիւնները։ Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ միակ կուսակցութիւնն է, որ մնացած է միակամ, անբաժան եւ ուժեղ, եւ այս իսկ պատճառով ուրիշներ շարունակ կը փորձեն կուսակցութիւնը հարուածել։
Հայկական միջկուսակցական յարաբերութիւններուն գծով Բագրատունի նշեց, թէ կարելի չեղաւ միակամօրէն ներկայանալ ընտրութեանց, քանի որ մնացեալ կուսակցութիւններուն մօտ ազատ կամքի բացակայութիւն գոյութիւն ունէր, երբ անոնք նոյնիսկ թրքական ուժերու Լիբանան տեղակայման ատեն չկրցան իրենց «ո»չը ըսել։
Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը կը զօրակցի ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն մօտ կը գտնուի ժողովուրդին ազատ մտածողութեան արտայայտութիւնը։ Ան յայտնեց, որ լիբանանահայութեան արժանապատուութիւնը ամէն բանէ բարձր է եւ դաւաճանութիւնը անընդունելի է, եւ համայնքը 7 Յունիսին պիտի երթայ քուէատուփեր՝ ցոյց տալու համար, որ Դաշնակցութեան քաղաքական գիծը ճիշդ ու ճշմարիտ ուղին է՝ Լիբանանի համար լաւագոյն ուղղութիւնն է։ Ան աւելցուց, որ ոչ ոք կրնայ հարիւր տոլարով գնել լիբանանահայերը եւ չորս տարի ստրուկ դարձնել համայնքը։
Երեսփոխան Բագրատունիի խօսքէն ետք գործադրուած գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ երգիչներ Մանուկ Մինասեան, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Վիգէն Տիշչեքենեան, որոնց կ՛ընկերակցէր Սեդօ Պաղտասարեան եւ իր նուագախումբը, որոնք ազգային-հայրենասիրական եւ ժողովրդական-գաւառական երգերով ստեղծեցին տօնական ու յաղթերթի մթնոլորտ։