ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Հետք» լրատու գործակալութեան թղթակից Անահիտ Դանիէլեան Ստեփանակերտէն կը տեղեկացնէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ խօսելէ ետք, յայտարարած է, թէ բանակցային գործընթացի այս փուլին մասին, ան որեւէ մտահոգութիւն չունի:
«Հայաստանը՝ ի դէմս ՀՀ նախագահի, ջանքեր է գործադրում առաջին հերթին վերականգնելու պուտափեշտեան գագաթնաժողովի որոշումը, որի համաձայն ԼՂՀն հանդիսանում է բանակցութիւնների լիարժէք կողմ», անցեալ Շաբաթ օր, Շուշիի մէջ լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նշած է ԼՂՀ նախագահը:
Նշենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան Փրակայէն վերադառնալէ անմիջապէս ետք, Երեւանէն մեկնած է Ստեփանակերտ՝ մասնակցելու համար Շուշիի ազատագրութեան, Արցախի բանակի կազմաւորման եւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յաղթանակի եռակի տօներուն առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն:
Խօսելով բանակցութիւններու ոչ լիարժէք ձեւաչափի մասին, Բակօ Սահակեան շեշտած է, որ Ղարաբաղի մասնակցութեան հարցը կ՛արծարծեն նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին:
«Ինչպէս նկատել էք, նրանք իրենց յայտարարութիւններում միշտ նշում են դրա անհրաժեշտութիւնը: Ոչ մէկը չի ժխտում եւ բոլորը հասկանում են, որ առանց ԼՂՀի մասնակցութեան անհնարին է որեւէ վերջնական որոշում ընդունել», ընդգծած է երկրի ղեկավարը:
Ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի նշած բանակցութիւններուն համայնքներու մասնակցութեան մասին հարցումի մը ի պատասխան, ԼՂՀ նախագահը նշած է, որ ղարաբաղեան կողմը այդ ձեւաչափը ընդունելի չի համարեր:
Հիմնարար սկզբունքներու մասին հարցին, ան պատասխանած է, որ բանակցային գործընթացին մէջ երեք հիմնարար սկզբունքներ առաջ քաշուած են՝ «տարածքային ամբողջականութիւն, հարցի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծում եւ ԼՂՀ ինքնորոշման, աւելին՝ անկախութեան ճանաչման հարցը»:
«Մենք դէմ չենք խաղաղ տարբերակով հարցի լուծմանը, եւ ամէն անգամ մեր յայտարարութիւններում դա նշում ենք: Բնական է, հիմնական վէճը՝ տարածքային խնդիրներն են: Կայ նաեւ մի տարածքային ամբողջականութիւն, դա ԼՂՀ տարածքային ամբողջականութիւնն է՝ ամրագրուած Սահմանադրութեամբ: Դա վէճ է մեր եւ Ատրպէյճանի միջեւ: Եւ ինչքան շուտ Ատրպէյճանի քաղաքական իշխանութիւնը հրաժարուի ներկայիս ծայրայեղ կեցուածքից, կարծում եմ, աւելի շուտ ենք հասնելու հարցի վերջնական կարգաւորմանը», աւելցուցած է ԼՂՀ նախագահը:
Երկու հայկական պետութեանց նախագահները, անցեալ Շաբաթ առաւօտեան, առաջին հերթին այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ապա անոնք մեկնած են Շուշի, ուր ծաղկեպսակներ զետեղած են թնդանօթ-յուշարձանի պատուանդանին, զօրավար Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին, որմէ ետք ներկայ եղած են Սբ. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին:
Նոյն օրը, Շուշիի մէջ տեղի ունեցած է նաեւ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի սպայական կազմի համար կառուցուած շէնքի բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Շաբաթ երեկոյեան, Ստեփանակերտի կայազօրի Սպայի տան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ, որմէ ետք ԼՂՀ նախագահը ընդունելութիւն մը տուած է: Նոյն երեկոյեան, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է տօնական համերգ, ապա՝ հրավառութիւն: