Շաբաթներ մեզ կը բաժնեն Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն։ Լիբանանեան թէ լիբանանահայ լրատուամիջոցներով, ժողովրդային լսարաններով, հանրահաւաքներով, քաղաքական հանդիպումներով թէ յայտարարութիւններով ամբողջ թղթածրարային նիւթ գոյութիւն ունի այսօր բացատրող, թէ ինչո՛ւ անկիւնադարձային կարեւորութիւն ունին այս ընտրութիւնները ե՛ւ առ հասարակ լիբանանեան քաղաքական կեանքին, ե՛ւ յատկապէս լիբանանահայ գաղութին համար։
Կեդրոնանանք լիբանանահայ համայնքին վերաբերող ընտրաքաղաքական փլաթֆորմին եւ քաղաքական առաջադրանքներուն վրայ՝ ընդգծելու համար, որ ամփոփ բանաձեւումը այդ բոլորին Հայկական երեսփոխանական պլոքին լիարժէք վերականգնումի խնդիրն է, առաջադրուած Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան կողմէ։
Քաղաքական յարաբերութիւնները, հանդիպումները, փոխայցելութիւններն ու ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները կը շեշտեն Դաշնակցութեան լիբանանեան բազմակողմ քաղաքականութիւնը, կառուցողականութեան գերադասումը, լիբանանեան շահերը հատուածային մօտեցումներէն առաջնահերթ նկատելը, բայց մանաւանդ այս բոլորին մէջ իւրաքանչիւր համայնքին հարազատ ներկայացուածութիւնը անսակարկելի պահելը։
Ընտրաքաղաքական դիրքորոշումները փաստօրէն համալիբանանեան բովանդակութիւն եւ մեկնակէտեր ունին։ Արդարեւ, ո՛չ Մեթնի եւ ո՛չ ալ Պէյրութի Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու արդէն իսկ ընտրուած ըլլալը պատճառ են, որ երկու ընտրաշրջաններուն պարագային Դաշնակցութեան ընտրամեքենան նուազեցնէ իր աշխատանքներու թափը։ Այս ոչ միայն ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներու համալիբանանեան հանգամանք է ,այլ նաեւ մեր կուսակցութեան ընտրաքաղաքական աւանդութիւններուն հարազատ դրսեւորում։ Դաշնակցութիւնը ի՛րը կը նկատէ ի՛ր թեկնածուներուն յաջողութեան համընթաց եւ համաչափ իր ընտրական դաշնակիցները խորհրդարան հասցնելու պարտականութիւնը։ Ա՛յս վարքագիծն է փաստօրէն, որ Դաշնակցութեան եւ իր ընտրազանգուածին նկատմամբ ստեղծած է վստահելի գործընկերոջ խորունկ համոզում՝ լիբանանեան տարբեր կողմերու, ուժերու, հոսանքներու մօտ։
Իսկ այս վստահութիւնը ոչ միայն ընտրական ցանկերու կազմութեամբ եւ քուէարկութիւններու պատկերով ամրագրուած իրողութիւն է, այլ նաեւ՝ քաղաքական համաձայնութիւններու պարագային միեւնոյնն է։ Այդպէ՛ս էր, որ Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանին պարագային Դաշնակցութիւնը հիմնարար դերակատարութիւն ունեցաւ Տոհայի մէջ կայացած կարեւոր այս ենթակէտի համաձայնութիւնը անսասան պահելու աշխատանքներուն մէջ։
Այս վստահելիութեան գործօնն է, որ նկատի առնուած է եւ կ՚առնուի նաեւ լիբանանեան զանազան կողմերէն, որոնք բնական ինքնամղումով թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ընտրական աշխատանքներուն մէջ պիտի ուզեն գործ ունենալ գաղութի ներկայացուածութիւնը ամրագրած եւ վստահութեան աւանդութիւն կերտած մեր կուսակցութեան հետ։
Ալ չենք խօսիր գաղութին նկատմամբ Դաշնակցութեան արմատաւորած վստահելիութեան մասին։ Վստահելիութիւն, որ այս պարագային չի սահմանափակուիր քաղաքական կամ ընտրական աշխատանքներու շրջածիրերուն մէջ։ Էութենական է անիկա, պատմական նոյնիսկ եւ զոր տարանջատելու որեւէ փորձ ի սկզբանէ կը մատնուի ձախողութեան։
Շաբաթներ կը բաժնեն մեզ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն։
Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումը փուլ առ փուլ իրականանալու ընթացքին մէջ է։
Իւրաքանչիւր փուլ, յայտնապէս, աւելի կը զօրացնէ լիբանանահայ ընտրազանգուածը՝ այս բոլորի յաջողութեան անշրջանցելի, անփոխարինելի, անխորտակելի կռուանը: