Շուշիի ազատագրումի տարեդարձին առիթով, նախագահ Բակօ Սահակեան «Ոսկէ Արծիւ» շքանշանով պարգեւատրած է «Քոմանտոս» մականունին արժանացած Արկադի Տէր Թադեւոսեանը՝ «Պաշտպանութեան կազմակերպման գործում ԼՂՀին մատուցած բացառիկ ծառայութիւնների, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար»:
Նախագահը նաեւ «Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերում ցուցաբերած անձնական արիութեան համար», շքանշաններ պարգեւած է 117 հոգիի, որոնցմէ 29ին՝ յետմահու:
«Մարտական ծառայութիւն» շքանշանով պարգեւատրուած է 498 հոգի, որոնցմէ 18ը՝ յետմահու:
«Շուշիի ազատագրման համար» շքանշանով պարգեւատրուած է 56 հոգի, որոնցմէ 6ը՝ յետմահու:
ԼՂՀի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծրագիրներու իրականացման նպատակով ցուցաբերած իրենց գործուն մասնակցութեան համար, «Վաչագան Բարեպաշտ» շքանշանով պարգեւատրուած են Մկրտիչ Մկրտիչեան («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմնի ատենապետ), «Երախտագիտութիւն» շքանշանով՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շարք մը երկիրներու տեղական մարմիններու ատենապետներ, որոնց շարքին նաեւ Քալիֆորնիոյ նորընտիր ատենապետ, իրաւաբան Արա Ակիշեանը: