ԵՐԵՒԱՆ.- «Ազգ» օրաթերթը իր անցեալ Շաբաթ օրուան թիւով կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 25էն ի վեր, Երեւանի մէջ անհետացած ամերիկահայ գործարար Նազարէթ Պէրպէրեանի մասին այն տեղեկութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ փրկել գործարարին կեանքը, գործարարի ընտանիքին կողմէ պիտի գնահատուի 250,000 տոլար պարգեւով:
Պէրպէրեան, որ Աբովեան եւ Փուշկին փողոցներու անկիւնը հսկայ հիւրանոց մը սկսած էր կառուցելու, Ապրիլ 25ին դուրս եկած էր Երեւանի իր բնակարանէն ու այլեւս չէր վերադարձած: Քանի մը օր ետք, «Զուարթնոց» օդակայանի կողքի կանգառին մէջ գտնուած էր գործարարին ինքնաշարժը:
Ըստ «Ասպարէզ»ի ստացած տեղեկութեանց, Պէրպէրեանի կինը այս օրերուն Երեւան պիտի երթայ՝ անձամբ հետեւելու համար գործարարը յայտնաբերելու աշխատանքներուն:
Տիկին Պէրպէրեանին պիտի ընկերանայ Արա Մանուկեան՝ Շահան Նաթալիի թոռը, որ տարիներով ապրած է Հայաստան եւ Ղարաբաղ, ու լաւածանօթ է երկրի պայմաններուն: «Ազգ» կը յայտնէ, որ Պէրպէրեանի մասին տեղեկութիւններ ունեցողները կրնան հեռաձայնել Արա Մանուկեանին՝ (818)760-5374 թիւով, կամ գրել անոր info@snff.org հասցէով: