ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Մայիս 12ին Ատրպէյճան մեկնած Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի օր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններով մտահոգ Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամներուն մտահոգութիւնները մեղմացնելու նպատակով, Էրտողան որոշած է նաեւ հանդիպում մը ունենալ խումբ մը երեսփոխաններու հետ: Էրտողանին կ՛ընկերակցին արտաքին գործոց, ուժանիւթի, ճարտարարուեստի, հաղորդակցութեանց, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարները: