ՊՈԼԻՍ.- Երեքշաբթի, Մայիս 12ին, «Զաման» օրաթերթին մէջ Մէտէնի Աքպաշ կը տեղեկացնէ, թէ Պաթմանի Սասուն եւ Գոզլուք նահանգներու սահմանի խաչմերուկին գտնուող քարայրի մը մէջ, վեց տարբեր անկիւններու վրայ յայտնաբերուած են մարդկային բազմաթիւ ոսկորներ, գանկեր եւ բզքտուած հագուստներու կտորներ։ Յայտնի դարձած է, որ կատարուած են զանգուածային սպանութիւններ եւ սպանեալ անձերը թաղուած են հագուստներով եւ կօշիկներով։ Այս լուրը հրապարակուեցաւ տեղական թերթի մը կողմէ, որուն հիման վրայ դատախազութիւնը քարայրին մէջ խուզարկութիւններու ձեռնարկեց։
Երբ յայտնի դարձաւ, որ յայտնաբերուած ոսկորները մարդկային ոսկորներ են, հետախուզական զանազան կազմակերպութիւններ ահազանգ հնչեցնելով շարժման անցան։ Պաթմանի փաստաբանական կաճառի նախագահ Եուսուֆ Թանրըվէրտի յայտնեց, որ յայտնաբերուած ոսկորներու քննութեամբ պիտի ճշդուի ճակատագիրը մինչեւ այսօր անհետք կորսուած անձերու։
Մարդկային իրաւանց միութեան Պաթմանի մասնաճիւղը պահանջեց, որ շուտափոյթ կերպով լուսաբանուի դէպքը։ Թերթերը կը գրեն, որ քիւրտ անջատողականներու դէմ գործողութիւններուն պատճառով, 1990էն ի վեր քաղաքայիններու արգիլուած էր բարձրանալ շրջանի Հէլքիս լեռը, որուն քարայրներէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած են ոսկորները։ Ոստիկանութիւնը յաւելեալ լուսաբանութեանց համար դիմած է գիւղացիներուն, որոնցմէ շատեր յայտնած են, թէ իրենք եւս, իրենց անասունները արածելու ընթացքին, ակամայ արգիլեալ գօտիէն ներս թափանցելով՝ շատ անգամ տեսած են մարդկային ոսկորներ: