ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Իսրայէլի Քնեսէթը (խորհրդարանը) մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը իր աշխատանքներու օրակարգին մէջ ընդգրկելու առաջարկը:
Հայաստանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Շեմի Ցուր Մայիս 14ին հաստատած է, որ Մայիս 5ին Քնեսէթի պատգամաւորները միաձայն ընդունած են բանաձեւը օրակարգին վրայ դնել, որմէ ետք պիտի որոշուի, թէ ժողովի ո՞ր յանձնախումբը զայն պիտի քննարկէ:
Հայկական լրատուական միջոցներու փոխանցումով, Շ. Ցուր ըսած է. «Մեր երկրի խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի՝ օրակարգ ընդունելու հարցը քննարկուած է: Շատ կարեւոր քննարկում էր Հայաստանի համար: Չեմ գիտեր ի՛նչ տեղեկատուութիւն է եւ ի՛նչ կայքեր գրած են անոր մասին: Ես շատ գոհ եմ, որ նման քննարկում եղաւ նաեւ քաղաքական տարբեր գործիչներու միջեւ»:
Դեսպանը նաեւ հաղորդեց, թէ ինք լուրը փոխանցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որուն հետ խորհրդակցութիւններ ունեցած է բանաձեւին առնչութեամբ: