(ՄԱՐԷՆ ԳԱՐԱԼԵԱՆԻ «ԱՐԵՒԵԼՔԷՆ ԿՈՒ ԳԱՄ» ԳԻՐՔԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ)
ՐԱՖՖԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Մէկից մի սոխ, մէկից մի հաց
գողանում՝
Գնում էինք Արբաչայը լողանում.
Սոված, ծարաւ, բոկոտն,
ընկած սար ու ձոր,
Շրջում էինք՝ անգիտութեամբ
բախտաւոր:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Եթէ ամենասովորական առօրեային գումարենք տարիներ, կը ստանանք թանկագին յիշատակներու գանձարան: Ապրուած գորշ օրեր առաւել երկար ժամանակ, հաւասար է քաղցր անցեալի: Թուաբանական-հոգեկան տարօրինակ ու խորհրդաւոր գումարում-հաւասարում մըն է:
Աղքատութեան մէջ անցած մանկութեան վրայ երբ տասնամեակներ ետք յետադարձ հայեացք կը նետենք, ժամանակի թանձր շղարշին ետեւէն կարօտի ալիքներ կը յորդին եւ կը սկսին մեզ օրօրել:
Շատեր պատրաստ են ամէն ինչ զոհելու, որպէսզի մանկութեան օրերէն մէկ օր ետ բերեն, թէկուզ այդ օրերը անցուցած ըլլան խեղճութեան մէջ: Իր «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» պատմուածքներու ժողովածուին նախաբանին մէջ, Անդրանիկ Ծառուկեան խորունկ յուզումով կը յայտնէ, որ եթէ իր մահուան օրը իրեն հարցնէին, իբրեւ վերջին ցանկութիւն, ի՞նչ պիտի ուզէր, պիտի ըսէր՝ «Մանկութիւնս»: Իսկ Ծառուկեանի ընթերցողներուն եւ ժամանակակիցներուն յայտնի է, թէ ինք այդ մանկութիւնը անցուցած էր Հալէպի որբանոց-պատսպարանին մէջ քսաներորդ դարու երեսունական թուականներուն՝ խոր թշուառութեան պայմաններու տակ։
Հին փողոցը, հին օրերու դասարանը, պատանեկութեան դասատուին մոխրագոյն մազերը, ցածկեկ տուներու դրան առջեւ ծուարած զրուցող մամիկները, պարտէզէն վերադարձող մշակը, կամ երեկոյեան փողոցէն անցնող յոգնած երկաթագործը եւ բոլոր, բոլոր պատկերները անկորնչելի կը դառնան՝ ինքնութեան ու նկարագիրի անբաժանելի մասնիկ:
Մարէն Գարալեանի վերջերս հրատարակուած «Արեւելքէն Կու Գամ» պատմուածքներու ժողովածուն բանալուս պէս, այսպիսի պատկերներ բացուեցան առջեւս՝ Հալէպէն:
«Բազմանդամ ընտանիք մը ունէր Տիլպարը, տասնմէկ երեխայով եւ մայրը՝ Մունիրան, որ տարիներէ ի վեր կÿապրէր նոյն տան մէջ»: («Աւետարան» պատմուածքը): Պատկերացուցէք ինչպիսի առօրեայ պիտի ունենար ընտանիք մը, որ մէկ յարկի տակ կը հաւաքէր այնքան մարդ: Մեծ Եղեռնէն վերապրած եւ իր հայկական ինքնութիւնը որոնող մամիկը՝ Մունիրան, կÿապրէր իր աղջկան՝ Տիլպարին, արաբ փեսային եւ 9 թոռներուն հետ:
Եթէ քանի մը տասնամեակ ետք հանդիպէիք Տիլպարի ընտանիքի 11 անդամներէն ոեւէ մէկուն եւ հարցնէիք հին օրերու մասին, վստահաբար ան կարօտաբաղձ սրտով ու գուցէ թաց աչքերով պատմէր այդ համեստ բայց քաղցր օրերուն մասին:
Ահա, թէ ինչո՛ւ մեծ անուն դարձած հայ հեղինակներ ալ չեն կրցած լռեցնել անձուկ մանկութեան «նոստալճիա»ի ձայնը, որ շարունակած է ղօղանջել իրենց հոգիներուն մէջ երկար տարիներ («Հացի եւ Լոյսի համար»՝ Մուշեղ Իշխան, «Երազային Հալէպը»՝ Անդրանիկ Ծառուկեան, «Կեանքը հին հռոմէական ճանապարհին»՝ Վահագն Թոթովենց, վերջերս լոյս տեսած «Բարեւ Հալէպ»՝ Գէորգ Պետիկեան եւ այլն):
«Թութի Ծառը» պատմուածքին մէջ Գարալեան կը նկարագրէ նոյն բակին մէջ բնակող դրացիներուն համերաշխութեան ու վէճերու պահեր, մարդասիրութեան ու ընդվզումի դէպքեր, բայց պատմուածքը, ինչպէս ընթերցողը բնականաբար պիտի կռահէ, կÿաւարտի հին օրերու որոնումի տեսարանով. «Տարիներու ընթացքին, մէկիկ-մէկիկ այդ բակէն փոխադրուեցանք ուրիշ թաղամասեր: Մեր նախկին տանտիրուհին՝ Լուսաբերը, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, հոգին աւանդեց: Եղաւ ժամանակ, որ քաղաքն ալ փոխեցինք»: Բայց պատմուածքը կը փակուի բնական աւարտով, երբ հեղինակը այցելած է Հալէպ, հանդիպած է մահացած դրացուհիներէն մէկուն զաւակներուն: «Երկար խօսեցանք անցեալի մասին, վերյիշելով թէ՛ ուրախ եւ թէ՛ տխուր այն օրերը: Մեր խօսակցութիւնը գնաց մինչեւ թութի ծառը»:
Այստեղ չկրցայ չյիշել հայրենի գրող Զօրայր Խալափեանի «Թթենին» պատմուածքը, ուր կը նկարագրուի թթենի մը՝ Գարալեանի պատմուածքի Հալէպի թթենիին մեծահոգութեամբ, որ իր պտուղները կու տայ իւրաքանչիւրին եւ իր հովանիին տակ կÿառնէ իր շուրջ հաւաքուած բոլոր հարեւանները անխտիր, բայց ինք եւս՝ Հալէպի բակի թթենիին նման, ակամայ պատճառ դարձած է մտերիմ հարեւաններու միջեւ սուր վէճերու:
Գարալեանի պրիզմակը լայն է. ան կը ներկայացնէ ոչ միայն վայրեր եւ հին բարեկամներ, այլ նաեւ մարդասիրական զգացումներով յորդուն պատմուածքներ: «Տառապալի աղջիկ մայրը» ցոյց կու տայ հեղինակին ազատամտութիւնը, իգական սեռի պաշտպանութեան եւ ազատութեան ջատագովութիւնն ու կարեկցանքը՝ սովորական ամուսնական կապէն դուրս զաւակ ունեցող երիտասարդ մօր մը տառապանքին հանդէպ, որուն նորածինը իրմէ հեռացուցած են, որովհետեւ ան զաւակ ունեցած է նախքան ամուսնանալը:
«Տօնական Մայիս» պատմուածքը եթէ սովորական ընթերցողին հաճելի եւ օգտակար պահեր կը տրամադրէ, ապա բանահաւաք մը այնտեղ մեծարժէք նիւթ պիտի գտնէ հայ ժողովուրդի բանահիւսութեան, աւանդոյթներու եւ հաւատալիքներու վերաբերեալ:
Գիրքին էջերէն շատերը «քաղցրապատուած» են թեթեւ երգիծանքով եւ մեղմ ժպիտ կը գծեն ընթերցողին դէմքին, իսկ «Նամա՞կը՝ Այո՛, Իմս Է» պատմուածքին մէջ, արդէն ժպիտը շատերու մօտ կրնայ հռհռոցի հասնիլ:
Գիրքին մասին մեր ներկայացուցած այս կարճ ու համեստ գրախօսականը անբաւարար պիտի ըլլայ ժողովածուին բովանդակութիւնը լիարժէք ներկայացնելու եւ բոլոր պատմուածքներուն անդրադառնալու համար, սակայն կÿուզենք մատնանշել, թէ Մարէն Գարալեան իր ստեղծագործական կեանքին ընդմէջէն ի յայտ կու գայ իր անցեալը իրեն հետ քաշ տուողի նկարագիրով: Սկսած իր հրատարակած առաջին ժողովածուէն (1993ի քերթուածներու հաւաքածոյէն), անցնելով իր երկրորդ հրատարակութեան («Հայրս Մկրոն Եւ 23 Իրական Պատմուածքներ»ու շարքը) եւ հասնելով իր այս գրախօսականի նիւթ նորագոյն գիրքին, Մարէն կանգնած է կարկինի մը նման, որուն մէկ ոտքը կը շրջի աշխարհի շուրջ եւ մարդու հոգեկան ծալքերուն մէջ, իսկ միւս ոտքը՝ խարսխուած՝ անշարժ կը մնայ մէկ տեղ, իր երանելի անցեալին մէջ:
Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ հայերու կեանքին անդրադարձող ոեւէ գրող չի կրնար չանդրադառնալ Մեծ Եղեռնի զոհերու պատմութիւններուն, քանի որ ցեղասպանութենէն վերապրածներուն պատկառելի մէկ մասը այնտեղ կեդրոնացած եւ հետագային այնտեղէն տարածուած է ի սփիւռս աշխարհի: Այդ խստաշունչ անապատներուն մէջ (Ռաքքա, Տէր Զօր, Մարկատէ, Շատտատէ եւ այլուր) «Եփրատն անգամ, ոչ թէ սրտեր յագեցուց, այլ դարձաւ դամբարան հայ սերունդներու»: Այդպիսին է Հալէպի մէջ հոգին աւանդած Մարիամ քոյրիկին մահուան դրուագը՝ «Մէկուկէս Միլիոնէն Մէկը» պատմուածքին մէջ: Մարիամը դեռ 11 տարեկանին, հեղինակին խօսքերով, ըմպած է Եղեռնի դառնութիւնները: Իւրաքանչիւր հայուհիի կեանքը կը բացայայտէ նոյնքան դառնութիւն եւ տառապանք, որ նոյնիսկ չես գտներ «Անն Ֆրանքի Օրագրութիւններ»ուն մէջ: Անն Ֆրանքի գիրքը տարածուեցաւ Ամերիկաներու մէջ եւ աշխարհի չորս կողմերը իր ազգին հրատարակիչներուն ու աջակիցներուն ջանքերով, իսկ «Արեան Ճանապարհով» անցած մեր մայրերու եւ քոյրերու եւ մանուկներու պատմութիւններուն մեծամասնութիւնը դեռ կը սպասէ իր արդար գնահատման եւ համաշխարհային ճանաչումին: Թէ՛ Արմէն Անուշի «Արեան Ճանապարհով» ժողովածուն եւ թէ Մ. Գարալեանի պատմուածքները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր նման պատմուածքներ, հրաշալի նիւթ կրնան մատակարարել Հայկական Ցեղասպանութիւնը շարժանկարներով տարբեր եւ աւելի մեծ լսարանի ներկայացնելու ախշատանքներուն:
Այս իմաստով, Մարէն Գարալեանի «Արեւելքէն Կու Գամ» պատմուածքներուն ժողովածուն, բացի հաճելի ընթերցանութիւն ըլլալէ, նաեւ լոյս ընծայուած է պատմական ճիշդ ժամանակահատուածին. ժամանակահատուած, երբ ամբողջ հայութիւնը՝ Սփիւռք եւ հայրենիք, ձեռք ձեռքի տուած, նոր թափով եւ ուժգնութեամբ սկսած է իր պատմական արդար իրաւունքները հետապնդելու: