ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Անցեալ Շաբաթ օր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ելոյթ ունենալով Կովկասի անվտանգութեան նուիրուած համաժողովի մը ընթացքին եւ անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին՝ յայտարարած է, որ զուիցերացի գործընկերներու օգնութեամբ, կողմերը կը մօտենան Եւրոպայի վերջին փակ սահմանի բացման եւ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Գնդակը Թուրքիայի դաշտում է, եւ մենք յոյս ունենք, որ նրանք կը ցուցաբերեն իմաստութիւն եւ քաջութիւն՝ կատարելու որոշիչ քայլը», ըսած է Է. Նալբանդեան:
«Ակնյայտ է, որ անվտանգութեան երկու կարեւոր մարտահրաւէրները Հայաստանի համար հանդիսանում են Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորումը եւ հայ-թրքական յարաբերութիւնների կ՛արգաւորումը»:
Իր ելոյթին մէջ նախարարը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ այս հարցերը առանձին են եւ որեւէ կերպ կապուած չեն իրարու հետ, նոյնիսկ եթէ որոշ մարդիկ ուզեն զուգահեռներ տեսնել անոնց լուծման մէջ։ Ան նշեց, որ ԼՂ ժողովուրդի օրինական պահանջը անվտանգութեան երաշխիքն է՝ հիմնուած ազգային ինքնորոշման միջազգային իրաւունքին վրայ։
«Իսկապէս, նախորդ տասնամեակի սկզբում, հակամարտութեան հետեւանքով նրանց անվտանգութիւնը վտանգուած էր», յայտնած է Նալբանդեան՝ ընդգծելով, որ միջազգային ասպարէզին մէջ Ատրպէյճան հետեւողականօրէն կը խեղաթիւրէ ԼՂ խնդիրի էութիւնը՝ փորձելով թաքցնել էթնիկ զտումները եւ ԼՂ ժողովուրդին հանդէպ 1988-1991 թուականին անոր իրականացուցած բռնութեան քաղաքականութիւնը։
Նալբանդեան նոյնիսկ այսօր մօտիկ կը նկատէ հակամարտութեան կարգաւորումը: Համանախագահներէն ամիսներ կը պահանջուին ատրպեճանական կողմին համոզելու, որ բանակցի հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները, Մոսկուայի հռչակագիրը, Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնը առաջընթացի նշան են, ըստ Հայաստանի նախարարին: Աւելին, ըստ Նալբանդեանի, Մինսկի խումբի համանախագահները ցոյց տուած են, որ ատիկա ամենաարդիւնաւէտ եւ արդարացուած ձեւաչափն է։ Մենք լիայոյս ենք, որ Ատրպէյճանը քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ եւ կը հրաժարի ռազմատենչ յայտարարութիւններէն, ըսած է նախարարը՝ նշելով, որ 2001ին խնդիրի լուծումը շատ մօտ էր, սակայն ատրպեճանական կողմը հրաժարեցաւ համաձայնագիրը ստորագրելէ: