ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սերժ Սարգսեան անցեալ Շաբաթ օր, Մայիս 16ին, ընդունած է տարածաշրջանային այցով Հայաստան գտնուող Հարաւային Կովկասի Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպին: Հանրապետութեան նախագահը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ ընդգծած է ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու կարգաւորելու մեր երկրի պատրաստակամութիւնը՝ մէկ անգամ եւս շեշտելով, որ Թուրքիոյ կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին որեւէ միջամտութեան փորձ կրնայ միայն բացասաբար անդրադառնալ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին վրայ:
Վերահաստատելով Հայաստանի հաւատարմութիւնը եւրոպական արժէքներուն նկատմամբ՝ Հայաստանի նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ «Արեւելեան գործընկերութեան» վերջերս Փրակայի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովը յաջող մեկնարկ է Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան համար նոր բովանդակութիւն հաղորդելու եւ կապերու հետագայ ընդլայնման համար:
Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս շեշտած է, որ մեր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումը կը տեսնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին մէջ, մատրիտեան առաջարկութիւններու հիման վրայ, միջազգային իրաւունքի եւ հիմնարար փաստաթուղթերու բոլոր՝ ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի կիրառման բացառման եւ ԵԱՀԿ արտգործնախարարներու հելսինկեան յայտարարութեան մէջ ամրագրուած, սկզբունքներուն համաձայն: