ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- Հակահայկական քարոզչութեան ոչ մէկ առիթ փախցնող Ատրպէյճանը չմոռցաւ նաեւ «Եւրոտեսիլ 2009» երգի մրցոյթը: Այստեղ, Հայաստանը ներկայացնող Ինգա եւ Անոյշ Արշակեաններու ելոյթին նախորդող տեսաբացիկին վրայ ատրպէյճանցիներուն համար հաճելի չէր տեսնել «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանին պատկերը:
Պաքուն պաշտօնապէս պահանջած է «Եւրոտեսիլ 2009» մրցոյթի կազմակերպիչ յանձնախումբէն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Հայաստանի Առաջին ալիքէն, Հայաստանի տեսաբացիկէն հեռացնել «Մենք ենք, մեր սարերը» հայկական յուշարձանի պատկերը՝ իրենց պահանջը հիմնաւորելով անով, որ յուշարձանը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, իսկ Լեռնային Ղարաբաղը, ըստ իրենց, ատրպեճանական տարածք է: Մրցոյթի կազմակերպիչները կատարեցին այդ պահանջը եւ տեսաբացիկէն հեռացուցին յուշարձանին պատկերը:
Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան Յատուկ նախագիծերու գործադիր տնօրէնի խորհրդական Տիանա Մնացականեան «ՓանԱրմինեըն»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ այդ միջադէպին կապակցութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համապատասխան նամակով դիմած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ կոչ ընելով կազմակերպիչներուն վերադարձնել յուշարձանը, որ հայ մշակութային ժառանգութեան օրինակն է եւ հայ քանդակագործ Սարգիս Պաղտասարեանի աշխատանքը: