ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- Անցեալ Կիրակի իր աւարտին հասաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Եւրոտեսիլ 2009» միջազգային մրցոյթը: Քուէարկութեան արդիւնքներով Հայաստանը ներկայացնող Ինգա եւ Անոյշ Արշակեանները գրաւեցին 10րդ դիրքը:
Նախորդ մրցումներուն Անտրէի ու Հայկոյի հաստատած 8ն, Սիրուշոն յաջողած էր կիսել՝ հասցնելով 4ի, իսկ տակաւին աւելի մեծ վստահութիւն վայելող Արշակեան քոյրերը հազիւ կրցան մնալ առաջին տասնեակին մէջ։
2009ի հայկական Եւրոտեսիլը առաջին անգամ հնարաւորութիւն տուաւ շուրջ 20 երգիչ-երգչուհիներու յաւակնիլ մեր երկիրը ներկայացնելու պատիւին, սակայն բոլոր շշուկները կը փաստէին, որ հերթը Արշակեան քոյրերունն է, երգչուհիներ, որոնք յայտնի են իրենց ձայնային լաւ տուեալներով ու կատարողական վարպետութեամբ:
«Եւրոտեսիլ 2009»ին Արշակեան քոյրերուն ներկայացուցած «Նոր Պար» (æան-ջան) երգի երաժշտութիւնը գրած է Մանէ Յակոբեան՝ Վարդան Զադոյեանի եւ Աւետ Բարսեղեանի խօսքերուն հիման վրայ: Քոյրերու կերպարին համար աշխատած է «Fresh Art» ծրագրաւորող եռեակը:
Ամէն տարի Հայաստանի մէջ Եւրոտեսիլի համար երգ ընտրելու ժամանակ, միակ նախապայմանը Եւրոպային առաւելագոյն կերպով գրաւելը կը համարուի: Եւ ամէն անգամ, այս հարցին մէջ հեղինակութիւն ունեցող մարդկանց կարծիքն ալ հիմք կը դառնայ երգի ընտրութեան համար: Ինգա եւ Անոյշ Արշակեաններու տարիներու փորձառութեան ու ժողովրդականութեան մէջ նոր կէտ ամրագրեց իրենց արտադրողական գործը ստանձնած «Շարմ» ընկերութիւնը։ «Փոփ-ֆոլք» սահմանեցին իրենց առաջադրած երգի ժանրն ու սկսան զբաղիլ մրցոյթին համար անհրաժեշտ այլ պատրաստութիւններով: Բեմն ու մասնակիցներու կերպարները կերտելու պատասխանատուութիւնը կրկին անգամ արտահանուեցաւ Ռուսիա՝ այս անգամ հաւանաբար կապելով հիւրընկալող երկրի փորձին հետ: Տեսահոլովակ, ընդամէնը քանի մը պտոյտներ, երկար փնտռուած կերպարներ, լայնածաւալ համացանցային ծանուցում. երգէն անկախ, մարդիկ սկսան պահ մը իսկապէս հաւատալ յաջողութեան հեռանկարին: Կովկասեան մոգական քրմուհիները, սակայն, ի վիճակի չեղան գերել Եւրոպան:
Նախընտրական փուլի աւարտին կասկածները հաստատուեցան, բայց նաեւ հիմք դրին նոր քննարկումներու, որոնք կ՛ահազանգէին ներուժի ոչ ճիշդ օգտագործման մասին:
Եւրոտեսիլի հայկական ամենավատ արդիւնքի պատճառներն այլեւս կը կապուին մրցոյթի փոփոխուած կանոններուն. առաջին անգամ համաեւրոպական երգի ընտրութեան գործին մէջ իր որոշիչ դերն ունէր նաեւ ժիւրին: Բայց ի՞նչը կրնար աւելի մեծ դեր ունենալ, քան երգը, որպէսզի միակ 12 բարձրագոյն միաւորը մեզ շնորհէր Չեխոսլովաքիան, եւ հայաշատ Ֆրանսան բաւարարուէր ընդամէնը 6 միաւորով, իսկ Ռուսիայէն սպասուող 12ը՝ կրճատուէր 7ով:
Փոխարէնը մեր հարեւաններն այս տարի առանձնացան իրենց դիրքերով. թրքական պորտապարն ու երգի շուրջ ծաւալած գայթակղեցուցիչ պատմութիւնները Հատիսէին հաստատեցին 4րդ պատուաւոր հորիզոնականին, իսկ Իրանի մէջ ծնած եւ իր ատրպեճանական արմատներով հպարտացող Առաշն ու ատրպէյճանցի գործընկերուհին, իրենց թեթեւ երգով սահուն ամրագրեցին իրենց տեղը եռեակին մէջ: Եւրոպայի այս տարուան երկրորդ երգը ճանչցուեցաւ իսլանտայէն ուղարկուած քնարերգական կատարումը, իսկ լաւագոյնն այս տարի նորվեկիական «հեքիաթ»ն էր՝ հեքիաթային կորսուած, բայց տակաւին յուսառատ սիրոյ պատմութեամբ. հեքիաթ, որ առայժմ կը մնայ իբրեւ հայկական երազանք:
Նշենք, որ Հայաստանէն առաւելագոյն նիշեր ուղարկուեցան Ռուսիոյ եւ բարեբախտաբար ընդամէնը 1 միաւորի տարբերութեամբ, Արշակեան քոյրերը առաջ անցան Անաստասիա Փրիխոտկոյէն եւ չլքեցին տասնեակը: Ի դէպ, Հայաստանը նաեւ մէկ միաւոր շնորհեց Ատրպէյճանին եւ 4 միաւոր Թուրքիային: