Մ՛ենք Ենք, Մե՛ր Լիբանանահայերը
Այն գերաշխուժութիւնը, զոր ցոյց կու տայ լիբանանահայ Սփիւռքը այս օրերուն, Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու մէկ արարին հետ կապուած երեւոյթէն շատ աւելի խորք ու խորհուրդ ունեցող իրականութիւն է։ Փաստօրէն, Հայաստանէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, անցնելով Աւստրալիայէն ու Եւրոպայէն եւ տակաւին միջին արեւելեան երկիրներէն՝ ցանցային կազմակերպուածութիւն մը իբրեւ կուսակցական մեքենականութիւն կը բանի, հաւաքելու, հաւաքագրելու, արձանագրելու, ցուցակագրելու եւ Լիբանանի դաշնակցական կազմակերպութեան կեդրոնական ընտրամեքենային հետ համակարգելու Լիբանան ժամանման, կեցութեան եւ քուէարկութեան մասնակցութեան աշխատանքները։
Մենք արդէն կը խօսինք աշխարհատարած ընտրական կազմակերպ համընդհանուր աշխատանքի մը մասին, որ պարզ է, թէ ընտրական մէկ հանգրուան իրականացնելու չի միտիր։ Համասփիւռքեան տարողութեամբ տարուող այս աշխատանքները լիբանանահայութեան կու տան կեդրոնական գաղութ ըլլալու եւ մնալու հանգամանքը իբրեւ Հայաստանով ապրող հաւաքականութիւն, իբրեւ ամբողջ Սփիւռքին մարդուժ հասցուցած հիմնական արտադրավայր, իբրեւ սփիւռքահայ քաղաքական մտածողութեան զարգացման մէջ անշրջանցելի գործօն։
Լիբանանահայ Սփիւռքին հայեացքներուն սեւեռումը դէպի իր մայր գաղութը գօտեպնդիչ է եւ բարացուցական՝ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ առհասարակ սփիւռքահայութեան քաղաքական աշխատանքներուն մէջ պատրաստակամութեան, մասնակցութեան եւ ընդառաջումի տարողութեան առումներով։ Լիբանանահայութենէն հնչած կոչը՝ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու, համակած է բոլորը։ Շաբաթներ ետք, այստեղ ականատես պիտի ըլլանք զօրակցական, տօնական առողջ մթնոլորտի մը, որ միաւորման, միակամութեան եւ ազգային-քաղաքական կամքի անտեղիտալի դրսեւորման ամուր գրաւականի փաստի արտայայտութիւն է անկասկած։
Լիբանանահայ Սփիւռքի համատեղման այս առիթը պիտի անդրանցնի ընտրական հանգրուանը եւ մտածել տայ բոլորիս, որ ինքնանպատակ չէ Դաշնակցութեան ճշդած թեկնածուներուն խորհրդարան հասցնելու աշխատանքը։ Ինքնանպատակ չէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումը։ Ասոնք ընդամէնը միջոցներ են մեր ազգային-քաղաքական ուղեգիծին առաւել հեզասահ ընթացք ապահովելուն, մեր ազգային խնդիրներու բարձրացման յաւելեալ յենակէտեր ապահովելուն, պետական հաստատութիւններուն մէջ աւելի ամուր դիրքերէ մեկնած համայն հայութեան իրաւունքները պաշտպանելուն։
Աշխատանքներու ստուար թղթածրար մը կը սպասէ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ընտրելի երեսփոխաններուն, որոնց գործադաշտը չի սահմանափակուիր լիբանանեան օրէնսդրական պարունակներուն մէջ. կ՛ընդարձակուի դէպի իւրաքանչիւր սփիւռքեան շրջանակ, դէպի հայրենիք։
Արտակարգ երեւոյթ չէ հաւանաբար ընտրական իւրաքանչիւր հանգրուանի դուրսէն դէպի ներս արձանագրուող քուէարկողներու հոսքը։ Նման երեւոյթներ ընտրական աշխատանքներ յատկանշող գործողութիւններ են եւ իբրեւ այդպիսին ալ օրինաչափ նկատուող նուիրականացումներ։ Ուրի՛շ է այս մէկը իր փաստած կազմակերպուածութեամբ, իր երեւոյթով, իր խորքով ու հետապնդած նպատակներով։ Ուժի իւրայատուկ դրսեւորում է անկասկած, որ մեր համայնքը կը կուտակէ։ Աշխարհատարած ուժի կուտակում մը, որ անպայման պահ մը մտածել կու տայ այս համայնքին կարողականութիւններուն նկատմամբ անինքնավստահ եւ թերի մօտեցում ունեցող որեւէ հոսանքի, ուժի, կազմակերպութեան կամ քաղաքական անձնաւորութեան։
Մե՛նք ենք, մե՛ր լիբանանահայերը։ Հայրենիքով ապրող, շնչող, զարգացող. բազում դժուարութիւններ յաղթահարած եւ ամբողջ լիբանանահայ Սփիւռքը իր կողքին ունեցող այս կեդրոնական գաղութը անսասան պահողները։