ՀԱԼԷՊ.- 2009ի Ապրիլ 12ին, Ս. Զատկուան օրը, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքեց տաղանդաւոր խմբավար, երգարուեստի անխոնջ մշակ Պօղոս Ապաճեանը:
1969ին, առաջին անգամ ըլլալով Հալէպի բեմահարթակներուն վրայ հնչեցին «Զուարթնոց» երգչախումբի համերգները՝ ղեկավարութեամբ երիտասարդ խմբավար Ապաճեանին, որ շրջանաւարտ է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն:
Այդ օրերէն ի վեր հալէպահայութիւնը անհամբեր կը սպասէր Ապաճեանի համերգներուն՝ լիցքաւորուելու համար հայատրոփ երգերու հնչականութեամբ: Երգչախումբը վայելեց Բերիոյ թեմի հովանաւորութիւնը երկար տարիներ, ապա հովանաւորութիւնը փոխանցուեցաւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան եւ գործեց իբրեւ երգչախմբային միաւոր:
Համերգներու յայտագիրները կ՛ընդգրկէին հայ երգարուեստի գանձարանէն առնուած գոհարներ, օտար դասական երաժշտութենէն բարձրորակ հատուածներ, ինչպէս նաեւ արաբերէն երգերու բազմաձայն դաշնաւորումով կատարումներ, որոնք արժանացան արաբ երաժիշտներու անվերապահ գնահատանքին սփռուեցան հեռատեսիլի կայաններէն:
Անցնող քառասուն տարիներու ընթացքին, Ապաճեան իր համեստ նկարագրով ու երաժշտագէտի հմտութեամբ կրցաւ իր շուրջ համախմբել մեծ թիւով երաժշտասէր անդամներ, որոնք երկար տարիներ հայ երգարուեստին սպասարկեցին իրենց նրբաճաշակ երգեցողութեամբ: Ապաճեան եղաւ նաեւ բազմավաստակ մանկավարժ՝ դասաւանդելով երաժշտութիւն, ազգային դպրոցներու, Քարէն Եփփէ ճեմարանի եւ պետական երաժշտանոցին մէջ: Ան հիմնեց իր անձնական երգչախումբը «Նարեկացի» անունով՝ ներկայացնելով բարձրորակ համերգներ: Տարածեց հայ երգչախմբային արուեստը ոչ միայն Հալէպի, այլ նաեւ Դամասկոսի, Պէյրութի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Քամիշլիի մէջ, խլելով գնահատանքի ջերմ ծափողջոյններ եւ փառաբանուելով հայ եւ արաբ մամուլին կողմէ:
Յատկանշական համերգ մըն էր 2001ին անոր խմբավարած 170 անդամներէն բաղկացած «Լուսաւորի»չ երգչախումբին ելոյթը՝ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօնքի հռչակման 1700ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ Տէր Զօրի մէջ նոյն խումբով ներկայացուած քառաձայն պատարագը՝ երկու վեհափառներ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա.ի վսեմաշուք ներկայութեամբ:
Հալէպահայութեան եւ իր երգչախումբի անդամներուն մտքին եւ հոգիին մէջ յաւերժ քանդակուած պիտի մնայ Պօղոս Ապաճեանի խնկելի յիշատակը: