ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Ռոյթըրզ».- Պանդոկներու եւ բախտախաղերու «MGM Mirage» ընկերութեան բաժնետոմսերուն մեծամասնութեան սեփականատէր, ամերիկահայ միլիառատէր Քըրք Քըրքորեան Երկուշաբթի, Մայիս 18ին յաւելեալ բաժնետոմսեր գնած է ընկերութենէն, որուն նորագոյն ծրագիրը նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ տնտեսական ճգնաժամին պատճառով:
Քըրքորեանի «Թրասինտա» հիմնարկը Երկուշաբթի օր 14.3 միլիոն բաժնետոմսեր գնած է՝ իւրաքանչիւր բաժնետոմսին համար 7 տոլար վճարելով:
Նկատի ունենալով, որ ընկերութիւնը վերջերս 143 միլիոն նոր բաժնետոմսեր ծախած էր 14 միլիառ տոլարի հասնող պարտքերը փակելու նպատակով, Քըրքորեանի նոր գնումէն ետք իսկ անոր հակակշռին տակ գտնուող ընկերութեան բաժնետոմսերուն համեմատութիւնը 54 տոկոսէն նուազած է 42 տոկոսի: