ՄՈՍԿՈՒԱ.- Աբխազիոյ նախագահ Սերկէյ Պաղափշ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Ռուսիա Աբխազիոյ հետ համաձայնութիւն մը պիտի կնքէ, Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Աբխազիոյ հողամասերուն վրայ ռուսական զօրակայաններ հաստատելու նպատակով:
Ըստ ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, Պաղափշ յայտնած է, թէ զօրակայաններուն հողատարածքը արդէն իսկ ապահովուած է եւ այդտեղ աշխատանքը սկսած է։ «Միայն հանրապետութեան (Աբխազիոյ) եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ համաձայնութեան ստորագրութեան կը սպասենք», աւելցուցած է ան:
Ռուսիա անցեալ տարի Վրաստանի դէմ կարճատեւ պատերազմէ մը ետք ճանչցաւ Աբխազիոյ, ինչպէս նաեւ Հարաւային Օսէթիոյ անկախութիւնը։
Աբխազ պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ Ռուսիա ծովուժի եւ ցամաքային ուժերու երկու զօրակայաններ պիտի հաստատէ։ Անցեալ Օգոստոսին տեղի ունեցած պատերազմին ընթացքին Ռուսիա իր մարտանաւերը Աբխազիա ուղարկեց եւ ռուս նաւազներ ցամաքահանում կատարեցին իբրեւ ռուսական զօրակայան նկատի առնուած հողատարածքին վրայ։
Մոսկուա խոստացած էր Աբխազիան եւ Հարաւային Օսէթիան վրացական յարձակումներէ պաշտպանելու համար երկու շրջաններուն մէջ զօրակայաններ հաստատել ու միասնաբար հսկել անոնց սահմանները: