ԱՄՄԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզ Սուրիոյ կոչ ուղղեց Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու ձեռնարկելու: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Յորդանան իր այցելութեան ընթացքին եւ աւելցուց, թէ Սուրիոյ կողմէ որեւէ բարի կամեցողական քայլ պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ մթնոլորտի պայծառացման։
«Սուրիացիները պէտք է պատրաստ ըլլան բանակցելու։ Եթէ նախագահ Պաշշար Ասատ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, ինչո՞ւ կ՛ամչնայ։ Բազմաթիւ անգամներ ուղղակի բանակցութիւններ առաջարկեցինք։ Ասատ կը կարծէ, թէ ուղղակի բանակցութիւնը Իսրայէլի համար պարգեւ մըն է։ Պարգեւ մը չէ։ Բնական է», ըսաւ Փերէզ։
Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ թրքական միջնորդութեամբ անուղղակի բանակցութիւնները պաշտօնապէս դադրած էին Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով։