ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, որ Եւրոպական միութեան անդամ կարգ մը երկիրներու կողմէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը արգելակելու ջանքերը «անընդունելի» են։ Ան ըսաւ, թէ եւրոպացիներուն կողմէ «միաձայնութեամբ որոշում տրուեցաւ Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւններ սկսելու»։
«Այս հարցին շուրջ որեւէ քննարկում համազօր է Եւրոպական միութեան կողմէ տրուած որոշումներու ոտնակոխումի եւ ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններ սկսելու որոշումը անկեղծ չէր», ըսաւ ան։
Գերմանիա եւ Ֆրանսա վերջերս դարձեալ իրենց ընդդիմութիւնը յայտնեցին Թուրքիան Եւրոպական միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին: Կիւլ յիշեցուց, որ Թուրքիա Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր Եւրոպայի մէջ կարեւոր դերակատար եղած է։
«Թուրքիա երկիր մըն է, որ ազատ Եւրոպան պաշտպանելու համար մեծ զոհողութիւններ մատուցած է», ըսաւ ան։