ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Մայիս 21ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Կուանթանամոյի մէջ արգելափակման ամերիկեան ճամբարը տկարացուցած է Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութիւնը եւ նպաստած է ահաբեկիչներ անդամագրելու արշաւին:
Մինչեւ Յունուար 2010թ., ճամբարը փակելու իր քաղաքականութիւնը արդարացնելով՝ նախագահ Օպամա յայտնեց, թէ երկրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու աշխատանքին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ պահպանումը ամերիկեան ազգային արժէքներուն, որոնք ոտնակոխուած էին նախկին վարչակազմին օրերուն:
Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւներու շէնքէն ներս արտասանած իր խօսքին մէջ, Օպամա ըսաւ, թէ վարչակազմը կը քննէ Կուանթանամոյի մէջ տակաւին արգելափակուած 240 անձերուն իւրաքանչիւրին պարագան։ «Մենք այս պարագաներուն հետ օրէնքի եւ մեր ապահովութեան պահանջներուն համեմատ՝ զգուշութեամբ կը մօտենանք», ըսաւ ան՝ միաժամանակ վստահեցնելով, թէ ազատ պիտի չարձակուի ոեւէ անձ, որ երկրին ապահովութիւնը կրնայ վտանգել: Ան խոստովանեցաւ, որ Կուանթանամոյի ճամբարը փակելու իր խոստումը յարգելը դժուար պիտի ըլլայ։