Քանի մը օր առաջ խումբ մը ընկերներով, Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ նստած՝ կը զրուցէինք Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու դժուարութիւններուն եւ առաւելութիւններուն մասին: Խումբին մէջ կային տարբեր տեսակէտներ: Քանի մը հոգի կը պնդէին, որ սփիւռքահայ գործարարներուն համար Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելը գրաւիչ չէ, քանի որ համատարած երեւոյթ են ներդրողներու առջեւ յառուցուող բազմազան դժուարութիւնները, կաշառքը, զեղծարարութիւնները եւ խաբեբայութիւնները: Քանի մը այլ ընկերներ կը շեշտէին, որ եթէ գործարարները լաւ հասկնան Հայաստանի պայմանները, եթէ կարենան ճշգրիտ ձեւով կազմակերպել գործը, ապա անպայման յաջողութիւն պիտի ունենան, որովհետեւ Հայաստանը համեմատաբար նոր շուկայ է եւ ճիշդ կողմնորոշուելու պարագային, կարելի է շահաւէտ գործունէութիւն ծաւալել: Խումբին մէջ էր նաեւ Ռաֆֆի Էլպէքեանը, որ քանի մը տարիէ ի վեր Երեւանի մէջ շինարարական գործով կը զբաղի եւ իր գործին իսկ բերումով բազմաթիւ երեւոյթներու ականատես եղած է: «Եկէք արագ եզրակացութիւններ չընենք: Մէյ մը պատմութիւնս լսեցէք եւ յետոյ դուք դատեցէք, թէ ո՞ր տեսակէտը ճիշդ է», ըսաւ Ռաֆֆին եւ պատմեց հետեւեալը.
«Շէնքի շինարարութեան չսկսած՝ պէտք է ջուր բերէինք շինութեան վայրը: æուրի արտօնութիւն ստանալու համար գացի շրջանի ջուրի սպասարկման գրասենեակ: Աջ ու ձախ նստած պաշտօնեաներուն հարցնելէ ետք, վերջապէս գտայ այդ գործով զբաղող պատասխանատուն: Մարդը շատ յստակ հասկցուց, որ շինարարութեան վայրը ջուր քաշելու համար 6000 տոլար պէտք է վճարեմ, այլապէս ոչ ջուր, ոչ ալ մուռ պիտի ունենամ: Ժամանակ չկորսնցնելու եւ աւելորդ գլխացաւանքներէ խուսափելու համար, համաձայնեցայ վճառել գումարը եւ մարդուն ըսի, որ երկու օրէն 6000 տոլարը կը բերեմ:
«Երկու օր ետք 6000 տոլարը գրպանս դրած՝ գացի պաշտօնեային մօտ, թղթաբանական գործերը արագ վերջացնելու յոյսով: Պաշտօնեան, սակայն, փոխանակ գործերս վերջացնելու, ըսաւ, որ 1000 տոլար եւս պէտք է բերեմ, քանի որ իր վերակացուն ըսած է, թէ այս գործը 7000ով միայն կը վերջանայ: Այս անակնկալին պատրաստ չէի: Սկսայ վիճաբանիլ մարդուն հետ, բայց ինչքան ձայնս բարձրացուցի, մարդը աւելի անդրդուելի դարձաւ:
«Յաջորդ օրը բարձրացայ «Երեւան-ջուր» ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակ: Ներս մտայ ու պաշտօնեաներուն բացատրեցի խնդիրը, բայց ոչ ոք ուզեց օգտակար ըլլալ: Ընդհակառակը, բոլորն ալ անտարբեր ու անբարեացակամ, ըսին, որ եթէ կ՛ուզեմ ջուր ունենալ, ուրեմն պէտք է վճարեմ պահանջուած գումարը: Այդ վայրկեանին արդէն համբերութիւնս հատնած էր եւ կորսնցուցած էի հաւասարակշռութիւնս: Ձայնս բարձրացաւ, սկսայ գոռգոռալու եւ բերանէս ինչ կ՛ուզէք դուրս ելաւ՝ հայհոյեանք, անէծք, ամօթանք: Տուն տեղ թողած, հայրենիք եկած ենք գործ ընելու, այսպէ՞ս պէտք է ըլլայ գործը, ձեզի ալ, ձեր ջուրին ալ, ձեր… ի՜նչ որ ձեր մտքէն կ՛անցնի ըսի: Բոլորն ալ շշմած ինծի կը նայէին, բայց ոչ ոք որեւէ արտայայտութիւն ունեցաւ: Կատաղած դուրս ելայ եւ ինքնաշարժիս կռթնեցայ ու սիկարէթ մը վառեցի: Այս դէպքէն ետք արդէն ջուր ունենալու յոյս այլեւս չունէի: Այդ վայրկեանին, գրասենեակէն դուրս եկաւ երիտասարդ պաշտօնեայ մը՝ Ա. Խաչատրեան անունով, եւ ինծի մօտենալով ըսաւ.
– Մի՛ բարկանար, բարեկամ, մի քիչ հանդարտիր, էդքան էլ նեղանալու կարիք չկայ: Լսի՛ր, հայրենիքին մի կպի, հայրենիքը վատը չի, պարզապէս մարդիկն են մի քիչ չարացել: Վաղը արի, ես քո հարցը կը լուծեմ:
«Յաջորդ օրը գացի Ա. Խաչատրեանին մօտ: Ինք անձամբ թղթաբանութեան գործը ըրաւ, ստորագրել տուաւ, յետոյ զիս ուղարկեց դրամատուն՝ պետական մուծումը կատարելու: Վճարեցի մօտ 55 տոլարի համապատասխան հայկական դրամ: Մէկ շաբաթէն ջուրը միացուցին: Պատկերացուցէք՝ 7000 տոլարը ու՜ր, 55 տոլարը ուր: Ահաւասիկ ձեզի պատմութիւն մը, որուն մասին կ՛արժէ մտածել: Ի վերջոյ, բոլորը չէ, որ խաբեբայ կամ զեղծարար են: Լաւերն ալ կան: Այս երկրին յոյսը այդ լաւերն են»:
Ռաֆֆին այսպէս վերջացուց թէ՛ իր պատմութիւնը, եւ թէ՛ մեր վէճը: Ես ալ անոր պատմածը կը փոխանցեմ ձեզի:
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com