Մխիթարեան վարժարանի Ա.-Դ. դասարաններու աշակերտները, Մայիս 21, 2009ի ժամը 7:30ին ներկայացուցին «Փոքր Մհերը Քարայրէն Դուրս» թատերախաղը՝ Congregational Church-ի սրահին մէջ:
Մեր վարժարանին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ թատրոնը, որուն միջոցաւ ի յայտ կու գան մեր մշակոյթը, ազգային առասպելներն ու աւանդութիւնները: Այն առասպելները, որոնք տարիներու ընթացքին կրնան շատերու մտքերուն մէկ անկիւնը թաղուած ըլլալ, ահաւասիկ Սարգիս Մահսէրէճեանի գրիչին տակ, անոնք կը կենդանանան, կը յստականան աշակերտներուն մտքերուն մէջ եւ կը ներկայացուին հանդիսատեսին՝ վառ պահելով դարերու խորքէն մեզի հասած հայկական երեւակայական կամ իսկական հերոսները:
Ուսուցչուհի եւ դերուսոյց Արփի Տապպաղեանի յարատեւ աշխատանքով, Ա.-Դ. կարգերու աշակերտները պատրաստ կը սպասէին՝ ցուցադրելու իրենց տաղանդները:
Առաջին տեսարանը կը ներկայացնէր սկաուտական ժողով մը, ուր պատասխանատու մարմինները կ՛որոշէին իրենց սկաուտները, գայլիկներն ու արենոյշները տանիլ արշաւի մը, այս անգամ Արեւմտեան Հայաստանի Վանի շրջանը, եւ այցելել Փոքր Մհերին բանտարկուած վայրը:
Երկրորդ տեսարանը կը ներկայացնէր Վան քաղաքը, պանդոկի մը սրահը: Խումբը կը ծանօթանար Պետրոսին (պանդոկապետ), նաեւ Պահուկին (պարիկ-վհուկ), որ իրենց պիտի օգնէր իր հնարքներով Մհերին դուռը բանալու:
Երրորդ տեսարանին մէջ կը հանդիպինք արշաւախումբին, որ «Արդեօք Ովքեր Են» երգելով կը յառաջանան Պահուկին առաջնորդութեամբ դէպի Մհերին դուռը:
Պահուկը կը սկսի իր արարողութիւնը. «Արարատի Քաջեր, Հայ ժողովուրդի հերոսներ, Մարութա սարի սուրբեր… օգնութեան հասէք, դուռը բացէք…»:
Փոքր Մհերը դուրս կու գայ իր քարայրէն՝ ապշեցնելով արշաւախումբի անդամները:
Հարցազրոյց կը սկսի իրենց միջեւ հայութեան մասին, Հայաստանի մասին, Արցախի մասին:
Տղոց հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ Փոքր Մհեր վերջնականապէս դուրս չ՛ելլեր իր քարայրէն, ան կը պատասխանէ. «Այս քարայրէն վերջնականապէս դուրս ելած կ՛ըլլամ, եթէ դուք լաւ հայ ըլլաք, Հայաստանի ու մեր պատմութեան մասին լաւ սորվիք եւ մեր հայրենիքը պաշտպանէք»:
Արշաւախումբի անդամները կը խոստանան Փոքր Մհերին բոլոր փափաքները կատարել եւ կը սկսին երգել ազգային երգեր: Բեմին աշխուժութիւնը կը փոխանցուի հանդիսատեսին եւ թատերախաղը իր աւարտին կը հասնի՝ ուրախ տրամադրութիւն մը ստեղծելով եւ յուզելով բոլոր ներկաները:
Չորրորդ դասարանէն Նանոր Ասատուրեան շնորհակալութեան եւ երախտագիտական խօսք կարդաց՝ ուղղուած ուսուցչուհի տիկ. Արփիին: Ծափողջոյններով եւ ծաղկեփունջերով գնահատուեցաւ ուսուցչուհիին ծանր աշխատանքը:
Դերակատարները, հակառակ իրենց փոքր տարիքին, շատ լաւ կատարեցին իրենց դերերը, մանաւանդ՝ Ճորճ Ճէրէճեանը՝ սկաուտապետը, Նանոր Ասատուրեանը՝ արենոյշ մը: Իրենց համարձակ եւ համակրելի խաղարկութեամբ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեցին Ովսաննա Ամրան՝ արծուիկ մը եւ Թալիա Տօրեանը՝ Պահուկը:
Հանդէսի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ հայր Օգոստինոս վարդապետը, որ գնահատեց երեխաները, մանաւանդ Ովսաննա Ամրանը: Ան տպաւորուած էր երեխաներուն յստակ հայերէն առոգանութեամբ եւ խօսքը ուսուցչուհիին ուղղելով՝ աւելցուց. «Սրտին մէջ ներփակած իր աշակերտները կը կրթէ»:
Բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակը՝ Սարգիս Մահսէրէճեանը:
Ան ըսաւ. «Թատրոնը նուիրուած էր «Մխիթարեան» վարժարանի 30ամեակին: Այս փոքրիկ դերասանները իրենց դպրոցին ասկէ աւելի լաւ նուէր չէին կրնար ընել»: Յետոյ անդրադառնալով «Մխիթարեան» վարդապետներու վաստակին՝ շեշտեց, որ հայ մշակոյթի մեծ արժէքները, ինչպէս՝ թատրոնը, Մխիթարեանները պարգեւած են մեզի:
Վարժարանիս տնօրէն՝ Ոսկան Մխիթարեան, խօսք առնելով գնահատեց կատարուած աշխատանքը. «Իւրաքանչիւր բառ հայ մանուկին բերանէն արտասանուած՝ դաշոյնի հարուած մըն է մխրճուած թշնամիին կուրծքին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Մահսէրէճեանին, որ միշտ իր բաժինը բերած է վարժարանի վերելքին:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վենետիկէն ժամանած Աբբահօր տեղակալ հայր Վահան վրդ. Օհանեան, որ տպաւորուած ձեռնարկի յաջողութենէն՝ յայտնեց. «Սոյն թատերախաղը տարբեր հրճուանքի պահ մը պարգեւեց: Աշակերտներուն հայերէն լեզուն եւ առոգանութիւնը շատ տպաւորեցին զիս»:
Վարժարանիս 30ամեակի սեմին, սոյն թատերախաղի յաջողութիւնը փաստեց, որ «Մխիթարեան» վարժարանը արժանի է տօնելու իր 30ամեակը:
Թղթակցութիւնը Վարժարանէն