ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Մայիս 25ին, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը լոյս ընծայած է յառաջիկայ Յունուար 7ին կայանալիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ լիբանանահայութեան դերակատարութեան կարեւորութեան անդրադարձող յօդուած մը:
Յօդուածագիր Ռապըրթ Ուըրթ կը շեշտէ, թէ ներկայիս լուսարձակները լիբանանահայութեան վրայ են ու կը դրուատէ անոր քաղաքական կառոյցին օրինապահութիւնը, աւելցնելով, թէ լիբանանահայութեան ղեկավարութեան տրամադրած ընկերային սպասարկութիւնները զայն դարձուցած են «պետութեան մէջ պետութիւն մը»:
Լիբանանահայութիւնը «Միջին Արեւելքի ամենաիւրայատուկ ու ամենաքիչ հասկցուած» հաւաքականութիւնը որակելով՝ յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ, թէ պատահական չէ, որ յաճախ զայն «Հըզպալլա»ի հետ կը բաղդատեն:
Ան կը գրէ, թէ լիբանանահայութեան դերակատարութիւնը այս անգամ կրնայ որոշիչ ըլլալ ու կը յիշէ, թէ անոր գլխաւոր քաղաքական կուսակցութիւնը՝ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, 35 տարբեր երկիրներու մէջ կը գործէ:
«Անտեսանելի ազգային պետութեան մը զգացումը գոյութիւն ունի հայութեան մօտ», կը յայտնէ «Հայկազեան» համալսարանի տնօրէն Փօլ Հայտոսեան, որ կ՛աւելցնէ, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն հայերը քրիստոնեայ եւ իսլամ պիտակներէն դուրս՝ երրորդ հաւաքականութիւն մը դարձած էին, իրենց չէզոքութեան շնորհիւ:
Մինչ քաղաքական հակադիր կողմերը կը պնդեն, թէ հայութիւնը «Հըզպալլա»ի հետ գործակցելով եւ լիբանանեան շահերէն դուրս ելլելով՝ կը փորձէ Իրանի ու Սուրիոյ հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորել, ՀՅԴի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան կը յայտնէ, թէ որոշումը տրուած է տեղական եւ գործնական նկատառումներով: «Կ՛ուզենք թեկնածուներ, որոնք մեր համայնքին ներկայացուցիչներն են», կը յայտնէ ան եւ կ՛աւելցնէ, թէ «Հըզպալլա» ընդունած է հայութիւնը ներկայացնող երեսփոխանական աթոռները դնել հայութեան հակակշռին տակ:
Յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ հայեր դարերէ ի վեր կ՛ապրին Լիբանանի տարածքին, անոնց թիւը մեծ ոստում արձանագրած է միայն Հայկական Ցեղասպանութեան յաջորդող օրերուն, եւ 1960ականներուն հասած է 240,000ի: Ան կը գրէ, թէ Պուրճ Համուտը, մանրակերտ Հայաստանի մը կը նմանի՝ իր հայկական խանութներով, դպրոցներով, որբանոցներով, ծերանոցներով, ակումբներով եւ հիւանդանոցներով:
Ան նաեւ կը նկարագրէ այն տարակարծութիւնները, որոնք ընդդիմութեան գիրկը մղած են լիբանանահայութիւնը, որ սովորաբար իշխանութեանց կողքին կանգնած է:
«Քաղաքականութեան մէջ չես կրնար միշտ չէզոք մնալ, բայց կը փորձենք բոլորին հետ մեր կապերը պահպանել», կ՛եզրակացնէ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: