ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական ատեան մը Հինգշաբթի, Մայիս 28ին յանցագործութիւն նկատեց Էսքիշէհիրի «Օսմանկազ»ի մշակութային միութեան դրան առջեւ գործածուած այն վերտառութիւնը, ուր գրուած էր. «Հրեաներն ու հայերը չեն կրնար մտնել, իսկ շուները՝ կրնան»։
Դատարանը ցեղային խտրականութեան յանցագործութիւն ու ժողովուրդին մէկ հատուածը ուրիշի մը դէմ գրգռելու արարք տեսաւ գործածուած այդ վերտառութեան մէջ ու հինգ ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց միութեան նախագահ Նիյազի Չափան։
Սակայն, ատեանը բանտարկութեան պատիժը անմիջապէս երեք հազար լիրա դրամական տուգանքի վերածեց ու որոշեց անոր գործադրութիւնը յետաձգել։
Յիշեալ անձը, եթէ յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին նման յանցանք մը գործէ, ապա այս պատիժը պիտի բարդուի անոր վրայ։