ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը, երէկ՝ Յունիս 1ին, շնորհաւորած է «Նախագահի մրցանակ 2008»ի բոլոր մրցանակակիրները եւ իր երախտագիտութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին իրենց ներդրումը ունեցած, մրցանակի արժանացած մտաւորականներ՝ ամերիկահայ փրոֆեսէօր Վահագն Տատրեան եւ հանրայայտ գերմանացի հրապարակախօս Վոլֆկանկ Կուսթ։
Հիմնադրամի մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ 74 ամեայ Վոլֆկանկ Կուսթ արժանացած է Հայաստանի Նախագահի մրցանակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւային փաստաթուղթերը գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու եւ մեկնաբանելու համար։
Նոյն անուանակարգով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման ոլորտին մէջ, իր ունեցած ծանրակշիռ գիտական վաստակին համար, Նախագահի մրցանակին արժանացաւ ամերիկահայ փրոֆ. Վ. Տատրեան, որ կը հանդիսանայ հանրայայտ «Զօրեան» հիմնարկի Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն, եւ որ հեղինակած է հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մէկ տասնեակէ աւելի խոշորածաւալ գիտական աշխատութիւններ։
2005 թուականին սկիզբ առած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին նշանակալի աւանդ ներդրած անձերուն շնորհուող ՀՀ Նախագահի այս մրցանակին մինչեւ այսօր արժանացած են չորս հայ եւ հինգ օտարազգի մտաւորականներ ու գործիչներ։