ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Եու.Փի.Այ.».- Վերջերս հաղորդուեցաւ, թէ յայտնի բեմադրիչ Պէրի Լեւինկսթըն որոշած է բեմադրել «Մահուան բժիշկը» որակումը ստացած հայազգի բժիշկ Ճէք Գէորգեանի նուիրուած շարժապատկեր մը՝ «HBO» կայանին համար:

Յայտնի դերասան Ալ Փաչինօ պիտի ստանձնէ Գէորգեանին դերը:
Բժշկուելու յոյս չունեցող հիւանդներուն մահուան իրաւասութեան համար պայքար մղած եւ անոր համար Միշիկընի մէջ 1999էն 2007ի միջեւ բանտարկութեան դատապարտուած Գէորգեան անցեալ տարի մասնակցած էր քոնկրէսական ընտրութիւններուն՝ ստանալով քուէներու միայն 2.7 տոկոսը: «Variety.com» կը հաղորդէ, թէ Լեւինկսթըն պիտի ըլլայ նաեւ շարժապատկերին արտադրողը: