ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Չորեքշաբթի, Յունիս 3ին սկսած Միջին Արեւելք այցելութեան նախօրեակին, «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, նախագահը յայտնեց, թէ ինք կը հաւատայ, որ իր երկիրը կրնայ օժանդակել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան գործընթացի բանակցութիւնները վերաշխուժացնելու աշխատանքին։
Պատասխանելով հրէական ապօրինի բնակեցման վայրերու կառուցումը կասեցնելու վերաբերեալ իր կոչը մերժելու Իսրայէլի կեցուածքին մասին հարցումի մը՝ ան շեշտեց, թէ շինարարութիւնը պէտք է կասեցուի, սակայն համբերութեան կոչ ուղղեց՝ յայտնելով, որ քննարկումը կը գտնուի իր սկզբնական հանգրուանին մէջ։ «Դիւանագիտութիւնը միշտ երկարատեւ եւ դժուար աշխատանք մըն է», նշեց Օպամա։ Ան նաեւ ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն պիտի կարենայ Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ «լուրջ բանակցութիւնները վերստին ընթացքի մէջ դնել»։
«Միայն պաղեստինցի ժողովուրդին օգտին պիտի չըլլայ պետութիւն մը ունենալը, այլեւ իսրայէլացի ժողովուրդին շահերէն եւս կը բխի այդտեղ կացութիւնը կայունացնելը։ Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի, որ խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ կողք-կողքի ապրող երկու պետութիւններ ունենանք», ըսաւ ան։
Օպամա այսօր Սէուտական Արաբիայէն պիտի անցնի Եգիպտոս, ուր շրջանին հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ճառ մը պիտի արտասանէ։
Իրանի հարցով, ան յոյս յայտնեց, որ այս տարուան վերջաւորութեան «դժուար, ուղղակի դիւանագիտութեան» միջոցով յառաջդիմութիւն արձանագրուի։ Ան ըսաւ նաեւ, թէ իր արժէքները այլ երկիրներու վրայ պարտադրելու փոխարէն՝ Միացեալ Նահանգներ պէտք է օրինակ ծառայէ ուրիշներուն: