ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Յունիս 2ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատը կնքեցին յուշագիր մը, որուն համաձայն, կողմերը համատեղ պիտի կազմակերպեն համահայկական ցուցահանդէսներ, Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական կապերու ամրապնդման ուղղուած համաժողովներ, կլոր սեղաններ եւ համացանցային գիտաժողովներ, նաեւ հայաշատ երկիրներու մէջ պիտի կազմակերպուին հայկական արտադրանքի եւ ծառայութիւններու արտագնայ ցուցահանդէսներ եւ տնտեսական համաժողովներ, ինչպէս նաեւ՝ պիտի հրատարակուին տեղեկատուական եւ գովազդային նիւթեր: Յուշագիրը ստորագրեցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատի (ԱԱՊ) նախագահ Մարտին Սարգսեանը:
Յուշագիրի ստորագրումով կողմերը շեշտեցին Հայաստան-Սփիւռք գործարար կապերու բարելաւման անհրաժեշտութւնը եւ Հայաստանի արտադրողներու գործունէութեան խթանումը, հայաստանցի եւ արտերկրի հայ ձեռնարկատէրերու համար բարենպաստ գործարար միջավայրի ստեղծումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի արտահանման ներուժի հզօրացումը:
Փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք Հ. Յակոբեան նշեց, որ կողմերուն նպատակներէն է՝ արտերկրի հայ համայնքներուն մէջ գործարարներու եւ անոնց այլազգի գործընկերներու գործունէութեան աշխուժացումը՝ Հայաստանի հետ տնտեսական կապերու հաստատման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ: Անոր կարծիքով, «Հայաստանում եւ արտերկրում կազմակերպուելիք ցուցահանդէսները, տնտեսական կեանքի տարբեր թեմաների նուիրուած տեսակոնֆերանսները, «կլոր սեղան»ները եւ քննարկումներն աւելի կը հեշտացնեն Հայաստան-Սփիւռք տնտեսական կապերու եւ համագործակցութեան ամրապնդումը՝ արտադրութիւնում եւ գործարար կեանքում նոր նիւթերի, տեխնոլոգիաների տեղայնացման հարցերում»:
Նախարարը յոյս յայտնեց, որ նշուած նպատակներով արդիւնաւէտօրէն կ՛օգտագործուին ԱԱՊի եւ կառոյցի արտասահմանեան ներկայացուցչութիւններու հնարաւորութիւնները: «Ամենամեծ խնդիրը, որ մենք չենք կարողացել լուծել, տեղեկատուութեան պակասն է, եւ մենք պէտք է կարողանանք ճիշդ տեղեկատուութիւն մատուցել Սփիւռքի կառոյցներին, սփիւռքահայ եւ հայաստանցի գործարարներին», նշեց Հ. Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն Այսօր» ելեկտրոնային օրաթերթի միջոցով կարելի է սփիւռքահայ գործարարներուն համար հասանելի դարձնել ցանկացած որեւէ տեղեկատուութիւն:
Հ. Յակոբեան յոյս յայտնեց, որ նախարարութիւնը ԱԱՊի հետ գործակցաբար, պիտի յաջողի ստեղծել գործարարներու համահայկական ցանց: