18-28 տարեկան ուսանողներուն համար այս տարի եւս «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպած է Ուսանողական մշակութային հաւաք (Ֆորում), Երեւանի մէջ։
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 13-26 Յուլիսին:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի դիմել www.hamazkayin.com համացանցային կայքի «Ֆորում» ենթաբաժինին, կամ հեռաձայնել 04-715684 թիւին («Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ)։
Ուսանողական մշակութային հաւաքը ծնունդ առաւ 1994ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր ժողովին կողմէ՝ Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Հիմնական նպատակը հայ համալսարանական ուսանողներու կամրջումն էր: Այլ խօսքով՝ ի մի հաւաքել հայ համալսարանականները հայկական մթնոլորտի մը մէջ, փոխանցել անոնց անցեալն ու ներկան, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն հետ մեր բարդ իրականութիւնը, մշակոյթի արժէքներուն հետ զանոնք պահպանելու մտահոգութիւններն ու կարելիութիւնները, հայ երիտասարդին դիմագրաւած ընկերային եւ ազգային խնդիրները եւ վերջապէս՝ հայութեան նկատմամբ հայ համալսարականին պարտականութիւնները:
1994էն 2001, հաւաքը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ՝ իբրեւ Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէն մէկը: Կազմակերպիչները այն մտայղացումը ունեցան, որպէսզի սփիւռքահայ համալսարանականը մօտէն ծանօթանայ հայաշատ այս կեդրոնին եւ տեսնէ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւնը: Նշան Փալանճեան ճեմարանը իր պատմական կարեւորութեամբ երկու շաբթուան համար կրթական վայր մը եղաւ համալսարանականներուն համար: Այնտեղ Շանթի, Աղբալեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Կանաչեանի, Զարդարեանի կիսանդրիներու ներկայութեան, ուսանողները անցեալը կամրջեցին ներկային հետ: Լիբանանի մէջ ուսանողները ամէն տարի այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը եւ վեհափառ հօր հետ ունեցան իրենց շահեկան զրոյցները: 2002 թուականէն ի վեր, հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Համալսարանականները մօտէն կը ծանօթանան հայրենի կեանքին: Կ՛այցելեն Էջմիածին, կը տեսնեն մշակութային կոթողներ, թանգարաններ, Մատենադարանը եւ զանազան յուշարձաններ: Անոնք ներկայ կը գտնուին մշակութային ձեռնարկներու եւ գեղարուեստական ներկայացումներու:
Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն բազմաթիւ անուանի դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հաւաքի կրթական ծրագիրին: Դասախօսներու նիւթերը կը կեդրոնանան հայոց պատմութեան, գրականութեան, մշակութային գանձերու, հայկական տոհմիկ սովորութիւններու, նաեւ հայկական երգին եւ թատրոնին վրայ: Գործունէութեան մաս կը կազմեն հայկական պարը, քանդակագործութիւնը եւ մամուլի աշխատանոցները։ Ուսանողները հաւաքի առօրեայ գործունէութեան մասին լրատու թերթիկ մը կը հրատարակեն:
Հաւաքի ամէնէն կարեւոր մէկ մասը «կլոր սեղան»ի շուրջ խորհրդակցութիւններն են, ուր այս անգամ իրենք՝ ուսանողները, հարցերը կը քննեն՝ իրական կամրջում մը ստեղծելով Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն եկողներու եւ հայաստանցի ուսանողներուն միջեւ։ Գաղափարները գրի կ՛առնուին եւ կը քննարկուին բոլորին կողմէ։
Հաւաքին կազմակերպիչները կ՛աշխատին ընկերական եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծել՝ քաջալերելով, որ աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած երիտասարդներ սերտ կապեր հաստատեն իրարու հետ ու անմիջական կերպով առնչուին հայ կեանքին։
Հաւաքը ներկայիս սքանչելի առիթ մը կը հանդիսանայ զանազան գաղութներէ ու Հայրենիքէն եկած բազմաթիւ ուսանողներու՝ իրարու հանդիպելու, փոխանակելու իրենց փորձառութիւններն ու հմտութիւնները, մշակելու անխզելի կապեր եւ վայելելու անմոռանալի մշակութային պահեր։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը ի հարկին նիւթականով կ՛օժանդակէ մասնակցող ուսանողներուն: Հաւաքը նաեւ կը ստեղծէ վարիչներ պատրաստելու միջավայր, ուր երիտասարդներուն պատասխանատու ղեկավարական պաշտօններ կը տրուին:
Դասախօսական նիւթերը շատ յաճախ կը թարգմանուին օտար լեզուներու, որպէսզի ամէն մասնակից ծանօթանայ դասախօսութեան նիւթին: