ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «DISK» քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւնը, թուրք յայտնի իրաւագէտներ Իպրահիմ Քապօղլուի եւ Ուլքիւ Ազրաքի գլխաւորութեամբ խումբ մը իրաւաբաններու հետ պատրաստած է «Հիմնարար սկզբունքներ՝ ազատական, հաւասար իրաւունքներու, ժողովրդավարական եւ ընկերային սահմանադրութեան համար» կոչուած տեղեկագիրը, ուր կ՛առաջարկուի Թուրքիան բաժանել 20-25 ինքնավար տարածքներու:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն, տեղեկագրին ուշադրութեան արժանի ամենակարեւոր բաժինը Թուրքիան 20-25 տարածքներու բաժնել նախատեսող «Տարածաշրջանային ղեկավարման միաւորներ» մասն է:
«DISK»ի նախագահ Սուլէյման Չէլէպի լրագրողներուն յայտնած է, թէ տեղեկագիրը պիտի ղրկուի Թուրքիոյ նախագահին, խորհրդարանին, քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն: Ան աւելցուցած է, թէ նոր սահմանադրութեան հիմքը դրած են նախկին եւ ներկայի սահմանադրութիւններուն՝ ժամանակի քննութենէն անցած ժողովրդավարական գաղափարները եւ Թուրքիոյ ներկայ պահանջներէն բխող նոր գաղափարներ:
Նոր սահմանադրութեան նախագիծով կ՛առաջարկուի նաեւ ցեղային բոլոր փոքրամասնութեանց ճանաչումը, քաղաքական կուսակցութիւններու փակումը դժուարացնող պայմաններ, կրթութիւնը դնել պետական հովանաւորութեան տակ՝ պարտադիր դպրոցական կրթութիւնը դարձնելով 12ամեայ եւ անվճար, միջավայրի պահպանութեան եւ զարգացման պարտականութիւնը դնել պետութեան ուսերուն, սահմանադրութեան մէջ ամրագրել իւրաքանչիւրի մշակութային, կրօնական եւ լեզուական արժէքներուն եւ տարբերութիւններուն յարգանք ցուցաբերելու իրաւունքը եւ վերակառուցել առկայ բարձրագոյն դատական մարմինները՝ զանոնք համապատասխանեցնելով եւրոպական չափանիշներու: