ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի, Յունիս 4ին, իսլամական աշխարհին հետ երկխօսութիւն ծաւալելու նպատակով ելոյթ մը ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ, ուր ան յարաբերութեանց նոր էջ մը բանալու կոչ ըրաւ:
Ան շեշտեց, թէ երկու կողմերը պէտք է միասնաբար դէմ դնեն ծայրայեղական շարժումներուն՝ վերջ մը դնելով կասկածներուն եւ տարակարծութեանց, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատել:
Պնդելով, թէ Ուաշինկթըն կը շարունակէ զօրաւոր կապեր ունենալ Իսրայէլի հետ՝ ան Գահիրէի համալսարանի ամպիոնէն եւս կրկնեց, թէ Իսրայէլի իշխանութիւնները պէտք է վերջ դնեն հրէական ապօրինի բնակեցման վայրեր կառուցելու աշխատանքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջ մղել խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքները: