ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Կիրակի, 31 Մայիս 2009ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, Ս. պատարագով, հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ապա վեհարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեամբ, արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակման տօնը՝ Սարդարապատի հերոսամարտով անմահացած քաջամարտիկներու զոհողութեամբ շահուած: Միեւնոյն օրը անուանակոչութեան տօնն է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին, օրուան պատարագիչ Մեսրոպ աբղյ. Սարգիսեան իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի գոյապայքարին, եւ այն մեծ դիմադրութեան, զոր ցուցաբերեց ան 1918 Մայիս 28ին:
Ս. պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի եւ նոյն թուականին այլ ճակատամարտերու ընթացքին զոհուած քաջամարտիկներու հոգիներուն համար:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդեց վեհափառը դէպի վեհարան, ուր դահլիճին մէջ, յանուն դպրեվանքի տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ ուսանողութեան խօսք առաւ դպրեվանքի ուսուցիչ Սարգիս Կիրակոսեան: Ան պատմական դէպքերը ներկայացնելով՝ վեր առաւ հայ ժողովուրդի լինելութեան համար մղուած պայքարին ճամբով դրսեւորուած քաջութիւնը եւ վճռակամութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Վեհափառը Մայիսեան փառապանծ դէպքին ընդմէջէն խօսեցաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած այսօրուան դժուարութիւններուն մասին: Համազգային մտահոգութիւններու դիմաց՝ համազգային կեցուածքն ու մօտեցումը անհրաժեշտ նկատեց Արամ Ա. կաթողիկոս։ Ան յատկապէս ըսաւ. «Մայիս 28ն մեզի կը յիշեցնէ, որ համազգային մտահոգութիւնները պէտք է համազգային տարողութեամբ քննել, վճռել եւ որոշել: Երբ հայրենիքն ու մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերը վտանգի ենթարկուած են, եւ երբ մենք կը գտնուինք համազգային խնդիրներու դիմաց, մենք՝ Հայաստան թէ Սփիւռք, միասնաբար պիտի մտածենք, ծրագրենք ու գործենք»:
Վեհափառը նշեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սովորական իմաստով հանդէսներ կազմակերպելով միայն նշած չէ Մայիս 28ն, այլ՝ կառչած մնալով Մայիս 28ի ոգիին, հաւատքին ու տեսիլքին, որոնցմով կազմաւորուեցան սերունդները դպրեվանքին մէջ:
«Մայիս 28ն մեր ժողովուրդին համար զարթօնքի կոչնակ մըն է այսօր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս ոգիով, այս հաւատքով ու այս հաւատամքով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը», եզրակացուց վեհափառը:
Դպրեվանքի երգչախումբը այնուհետեւ ազգային հայրենասիրական երգեր կատարեց, ինչպէս նաեւ սարդարապատեան գոյապայքարին յաղթանակը պանծացնող «Երբ չի մնում ելք ու ճար» երգը հնչեցուց:
Մայիսեան հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեհափառին «Պահպանի»չով, որմէ ետք ներկաները աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին անոր: