«Ֆրանս Արմենի» ամսագիրը կը տեղեկացնէ, որ արձագանգելով Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի տպագրութեան դադրեցումին՝ ֆրանսահայութիւնը նախաձեռնած է «Նոր Յառաջ» թերթը հրատա-րակելու աշխատանքին: Այդ գաղափարին շուրջ համախմբուած են ֆրանսահայ մտաւորականութեան յայտնի դէմքերը:
Ըստ ամսագիրին, ֆրանսահայերը հայերէն մամուլի կարիք ունին եւ անընդունելի կը նկատեն «Յառաջ»ին կորուստը: Այդ նպատակով ալ ստեղծուած է «Նոր Յառաջ» եւ «Նոր Յառաջ»ի ընկերներ ընկերակցութիւնները, որոնք պատրաստ են հովանաւորելու եւ աջակցելու այս մտայղացումի իրականացման:
«Նոր Յառաջ»ի ընկերներ կազմակերպութիւնը արդէն արձանագրուած է Ֆրանսայի համապատասխան մարմիններուն մօտ՝ իբրեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւն: Ներկայիս անիկա միջոցներ կը փնտռէ, օրաթերթի լոյս ընծայման համար անհրաժեշտ տնտեսական օգնութիւնը ապահովելու նպատակով:
«Նոր Յառաջ»ին աշխատակցելու ցանկութիւն յայտնած են բազմաթիւ հայեր աշխարհի տարբեր անկիւններէն: Ներկայիս կը պատրաստուի թերթին կանոնագրութիւնը՝ ֆրանսական օրէնսդրութեան համապատասխան: Օրաթերթը լոյս պիտի տեսնէ ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ: