ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի պատգամաւորները, գաղտնի քուէարկութեամբ, Երկուշաբթի, Յունիս 8ին, Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրեցին ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Հրայր Կարապետեանը, որ նախապէս նաեւ Ազգային ժողովի փոխնախագահն էր:
Նոյն օրը, Եւրոինտէգրման հարցերու մշտական յանձնաժողովներու նախագահ ընտրուեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան թեկնածու Նաիրա Զոհրաբեանը։
Յիշենք, որ Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահին պաշտօնը, Արթուր Աղաբէկեանի հրաժարումէն ետք, մնացած էր թափուր, իսկ Եւրոինտեգրման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Աւետ Ադոնցի՝ Պելճիքայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուելէն ետք, յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը եւս մնացած էր թափուր։
Քուէարկութեան մասնակցեցան 95 պատգամաւորներ, որոնցմէ 91ը՝ իւրաքանչիւր թեկնածուի ի նպաստ քուէարկեց: