ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Միացեալ Նահանգներ գնտուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, Յունիս 5ին հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Հիլըրի Քլինթընի հետ, ապա անոնք հանդէս եկած են համատեղ մամլոյ ասուլիսով:
Պատասխանելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու Ապրիլ 22ի համատեղ յայտարարութենէն ետք՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին հարցումի մը, Քլինթըն նշած է, որ զինք ոգեւորած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած յառաջընթացը եւ կառավարութիւններուն նուիրումը: «Թուրքիան եւ Հայաստանը, Զուիցերիոյ կառավարութեան աջակցութեամբ, կանգնած են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղիին վրայ:
Լաւ գիտենք, որ ատիկա դիւրին չէ եւ կը պահանջէ համբերութիւն եւ անդրդուելիութիւն: Բայց մենք կը տեսնենք, որ կողմերուն նուիրումը չէ նուազած: Նախարարին հետ երկար քննարկեցինք այս հարցը: Ան ինծի տեղեկացուց վերջին զարգացումներուն մասին: Կը շարունակենք քաջալերել կողմերը, որպէսզի մնան իրենց ընտրած ուղիին վրայ: Մենք կը սատարենք անոնց, բայց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւններն ու ժողովուրդներն են, որոնք պէտք է օգտագործեն այդ մեծ հնարաւորութիւնը: Յարաբերութիւններու կարգաւորումը նաեւ մեծ օգուտ պիտի բերէ ամբողջ տարածաշրջանին», աւելցուց ան:
Ղարաբաղի հարցին մասին, Քլինթըն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ, եւ այդ ծիրէն ներս վերջին հանդիպումը կայացած է Ս. Փեթերզպուրկի մէջ: «Կը հաւատանք, որ համեմատաբար կարճ ժամանակահատուածի մէջ զգալի առաջընթաց արձանագրուած է այս վաղեմի խնդիրներուն լուծման ուղղութեամբ», նշած է ան:
Իր կարգին, Տաւութօղլու շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ նշուած երկու գործընթացներուն սատարելուն համար:
Ան աւելցուցած է. «Կ՛ուզենք տեսնել բարեկեցիկ, խաղաղ Կովկաս: Եւ այդ իմաստով, լիովին նուիրուած ենք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Նուիրում ունինք նաեւ եւ պատրաստ ենք աշխատիլ Միացեալ Նահանգներու եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համանախագահներուն հետ՝ հայ-ատրպեճանական խնդիրներուն կարգաւորման ուղղութեամբ»:
Յատկանշական է, որ հակառակ արտաքին աշխարհին համար եղած այս յայտարարութիւններուն, գործնական դաշտի վրայ նոյնինքն Անգարան է, որ կը ձգձգէ յստակ քայլերու ձեռնարկումը: Վերջերս այս փաստը արձանագրած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան, երբ ըսած էր, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ «ճանապարհային քարտէս»ի պայմաններու գործադրութիւնը կը ձգձգուի Թուրքիոյ կողմէ: