ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Վարագոյրը իջաւ 2009ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ։ Պաշտօնական արդիւնքները չեն հրապարակուած տակաւին, այսուհանդերձ նախնական արդիւնքները՝ ձեւաւորուած քուէահաշուարկի փոխանցած թիւերուն համաձայն, կը փաստեն, որ յառաջիկայ խորհրդարանը պիտի շարունակէ գէթ անմիջական հանգրուանի համար պարզել միեւնոյն համապատկերը։ Այսինքն, իշխանութեան վրայ գտնուող կողմերը կրցած են ապահովել քուէներուն մեծամասնութիւնը, մինչ Դաշնակցութեան ցանկէն ընտրուեցան Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան: Քաղաքական գործընթացները կրնան ազդել ստեղծուած հաւասարակշռութիւններուն վրայ:
Անկախ արդիւնքներէն, հայկական գործօնը այս ընտրութիւններուն գերազանցեց ինքզինք՝ աննախադէպ հայկական մասնակցութիւն ապահովելով ընտրութիւններուն։ Հայկական ընտրազանգուածը անգամ մը եւս փաստեց, որ անվերապահ կ՛ընդառաջէ Դաշնակցութեան կոչին, դիմումին, եւ խուռներամ շարքերով կ՛ուղղուի քուէատուփ՝ հայկական զանգուածային համախումբ քուէով ներկայութիւն փաստելու, ինքնուրոյնութիւն ընդգծելու եւ քաղաքական անկախ միաւոր ըլլալու հանգամանքը շեշտելու։
Այս ընտրութիւններուն արդիւնքները արգելք չեն, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը շարունակէ ներկայացնել Դաշնակցութեան ճամբով իրեն վստահած հայկական զանգուածին շահերը՝ գերադասելով այս գաղութի ազգային-քաղաքական ուղեգիծը, համայնքին անվտանգութիւնը եւ մանաւանդ անոր անկախութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը։
Վերահաստատենք, որ Դաշնակցութիւնը մնաց յանձնառու իր ընտրական համաձայնութիւններուն, յաջողեցաւ իր ընտրազանգուածը պահել ոչ միայն կայուն, այլ նաեւ նուաճեց նոր համրանքներ, վերասահմանեց հայկական գործօնին ազդեցիկութիւնն ու հեղինակութիւնը, եւ լիբանանեան թէ շրջանային-միջազգային քաղաքական շրջանակներուն փաստեց իր անշրջանցելիութիւնը։
Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը նախ յայտարարեց 26 ընտրատարածքներէն 14ին արդիւնքները, որոնց շարքին՝ Քեսրուանն ու Ժպէյլը, ուր յաղթանակ արձանագրած է ընդդիմադիր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընտրացանկը, Պաթրունը, ուր յաղթանակ արձանագրած է իշխանամէտ ուժերու ցանկը եւ Զղարթան, ուր յաղթանակ արձանագրած են Սլէյման Ֆրանժիէի համակիրները:

7 Յունիսի ընտրութիւնները լիբանանցիներուն համար ընթացան՝ 12 ժամուան անմոռանալի, անուշ եւ լեղի տպաւորութիւններ ձգելով: Հակառակ լարուածութեան, յատկանշական ապահովական խախտումներ չարձանագրուեցան: Միայն տեղի ունեցած են անհատական քանի մը բախումներ, որոնք իսկոյն հակակշիռի տակ առնուած են լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Ընտրութիւններուն հետեւող միջազգային դէտերը զարմանքով արտայայտուած են տիրող ժողովրդավարական մթնոլորտին մասին։ Անոնք դրուատած են նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած գործնական դասաւորումները, որոնք դիւրացուցած էին ընտրական աշխատանքը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ առաջին անգամն ըլլալով Լիբանանի ամբողջ տարածքին երեսփոխանական ընտրութիւնները միօրեայ դրութեամբ կը կատարուին։
Յատկանշական էր նաեւ, որ ամբողջ Լիբանանի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասած է 54.8 առ հարիւրի։ Ամէնէն բարձր համեմատութիւնը արձանագրուած է Լեռնալիբանանի մէջ՝ 61.5 առ հարիւր, իսկ ամէնէն քիչ համեմատութիւնը՝ Պէյրութի մէջ՝ 38.66 առ հարիւր։ Հարաւային Լիբանանի մէջ քուէարկութեան համեմատութիւնը հասած է 56.25 առ հարիւրի, Պեքաայի մէջ՝ 55 առ հարիւրի, իսկ հիւսիսային Լիբանանի մէջ՝ 55 առ հարիւրի։