ՄՈՍԿՈՒԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի պետութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ պետութիւններուն հետ կապ ունեցող պետութիւնները պէտք է իրենց ապագան կառուցելու համար ջանքերը միացնեն։
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ըստ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն, մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի այն խօսքը, թէ՝ «Թուրք-հայկական խաղին մէջ գնդակը ներկայիս կը գտնուի թրքական կողմը», Տաւութօղլու յայտնեց. «Մեր դաշտերն ու նպատակները հասարակաց են, միայն այս պարագային կրնանք մեր ապագան կառուցել»։
Տաւութօղլու նշեց, որ «Այս յարաբերութիւնները դաշտին կեդրոնը գտնուող գնդակ մը չեն. այս յարաբերութիւնները հասարակաց ապագայ մը ունին։ Թուրքիա, ինչպէս իր բոլոր դրացիներուն հետ, պատրաստ է Հայաստանի հետ ե՛ւս իր յարաբերութիւնները բարելաւելու»։
Տաւութօղլու նաեւ ընդգծեց, թէ ինչ կը վերաբերի այն իրողութեան, որ գնդակը թրքական կողմը կը գտնուի՝ «այս գործընթացը աւելի քան մէկ անգամ փոխանցած ենք։ Ոչ թէ գնդակ մը, այլ մեր հասարակաց ապագան կը գտնուի դաշտին վրայ եւ մենք զայն (ապագան. «Ա.») միասնաբար պէտք է կառուցենք։ Այս գործընթացը պէտք է ներառէ Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը, Վրաստանը, Ռուսիան եւ շրջանին մէջ այլ մասնակիցներ։ Բոլորս ալ պէտք է բարի կամեցողութիւն ցուցաբերենք եւ զգուշանանք քայլերէ, որոնք կրնան արգելակել այս գործընթացները»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ իր երկիրը պիտի զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի ջանքերուն։