ԵՐԵՒԱՆ.- «Այն գործընթացը, որը սկսուել է համաներում յայտարարելու համար, պէտք էր սկսել դեռ մի քանի ամիս առաջ», «Արմինֆօ»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը:
Յովհաննիսեանի համաձայն, համաներում յայտարարելու անհրաժեշտութեան մասին բազմիցս յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը: «Ես զրուցել եմ նախագահի հետ եւ նրան ներկայացրել եմ համաներում յայտարարելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ ՀՅԴ դիրքորոշումը: Եթէ այսօր անհրաժեշտութիւն կայ գրաւոր դիմել նախագահին, ապա մենք դա կ՛անենք», ըսած է Վ. Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով, թէ նախագահը այդ հարցը պէտք է քննէ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ:
Ան նշած է, թէ համախոհական կառավարութենէն դուրս գալէն ետք, ՀՅԴն «աննպատակայարմար կը համարէ» ոչ խորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցութիւններ վարելը:
Յիշեցնենք, որ «Ժառանգութեան» ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեան նախապէս յայտարարած էր, թէ ՀԱԿը, «Ժառանգութիւն»ն ու ՀՅԴն պէտք է քաղաքական դաշտ ձեւաւորելու վերաբերեալ խորհրդակցութիւններու սկսին:
Վահան Յովհաննիսեանի խօսքերով, քաղաքական դաշտին մէջ «Դաշնակցութեան տեղը լիովին պարզ է: Մենք ազգային կուսակցութիւն ենք, եւ մենք իշխանութեան հետ մեր անհամաձայնութիւնն ենք յայտնել հէնց ազգային հարցերում»:
«Ազգային հարցերով ՀԱԿի դիրքորոշումը մեր սրտով չէ, եւ մեզ համար մի փոքր անհասկանալի է, թէ ո՞ր հարցերի շուրջ է առաջարկւում խորհրդակցութիւններ անցկացնել», եզրափակած է Յովհաննիսեան: