ՏԻԹՐՈՅԻԹ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Յունիս 10ին, իտալական «Ֆիաթ» ինքնաշարժներու արտադրութեան ընկերութիւնը ամբողջացուց սնանկացման պաշտպանութեան դիմած ամերիկեան «Քրայզլըր»ին մեծ մասը գնելու իր ծրագիրը՝ խոստանալով շեշտը դնել փոքր ինքնաշարժներ արտադրելու գործին վրայ: