ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի կարծիքով, կառավարութեան վերահսկողական, տեսչական ստուգումներու կասեցման մասին որոշումը վերատեսութեան ենթարկուելու կարիք ունի։
Յունիս 9ի Ազգային Ժողովի նիստին ընթացքին, Ա. Մինասեան նշած է, թէ կառավարութեան այդ որոշումը շատ լուրջ թերութիւններ ունի. Պետական եկամուտներու կոմիտէն, որուն աշխատանքէն դժգոհ է փոքր եւ միջին պիզնէսը, կը շարունակէ իր վատ վարքագիծը, որովհետեւ պետական այդ մարմինին համար չէ սահմանուած մինչեւ 70 միլիոն դրամի շրջանառութիւն ունեցող գործարարներուն մօտ ստուգումներ իրականացնելու սահմանափակումը։
Ըստ պատգամաւորին, կառավարութեան որոշումը նաեւ խոցելի է սահմանադրական տեսանկիւնէն։ Ան կառավարութեան առաջարկեց անհրաժեշտ քայլեր կատարել՝ որոշումը օրէնքի նախագիծի տեսքով Ազգային ժողով ներկայացնելու համար, ուր քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք, որոշ պայմաններ ու պահանջներ պիտի դրուին վերահսկողութեան ենթակայ կառոյցներուն առջեւ։