ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հանրային խորհուրդը, Յունիս 9ի իր լիագումար նիստին ընթացքին որոշած է համաներում յայտարարելու վերաբերեալ առաջարկ ներկայացնել հանրապետութեան նախագահին։ Յունիս 10ին Հանրային խորհուրդի քաղաքացիական հասարակութեան կայացման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան լրագրողներուն յայտնած է, թէ վերոնշեալ որոշումը 1-2 օրուան ընթացքին պիտի ներկայացուի նախագահին:
Կայացած որոշումին մէջ կ՛ըսուի, թէ ենթակայ խումբերուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան նաեւ Մարտ 1-2ի անկարգութիւններուն եւ անոր յաջորդող իրադարձութիւններուն մասնակիցները, որոնք անազատութեան մէջ են ներկայիս։ «Սա չի նշանակում, որ բոլոր այն յանցագործները, այն դատապարտուածները, որոնք գտնւում են բանտերում, ոչ միայն Մարտի 1ի հետ կապուած, պէտք է համաներման արժանանան։ Եթէ կը բացայայտուեն այնպիսիք, որ կատարող են եղել այնպիսի յանցագործութիւններ, որոնք յանգեցրել են մարդու մահուան, սպանութեան, ապա կարծում եմ, որ ի հարկէ, նրանց վրայ չպէտք է ազդեն։ Բայց այն անչափահասը, որ մասնակցել է այդ միթինկին եւ մի քիչ էլ ոգեւորուած անցել է թոյլատրելիութեան սահմանները եւ կոտրել է պատուհանի ապակին, ես կարծում եմ, որ այս յանցագործութիւնները նոյն հարթութեան վրայ չպէտք է դիտարկել», յայտնած է Յ. Յովհաննիսեան, որ նաեւ յիշեցուցած է, թէ համաներումը կ՛ենթադրէ ոչ միայն ազատ արձակում, այլ պատժաչափի կրճատում եւ փոփոխութիւն։